
ԵՐԵՒԱՆ, 19 ՅՈՒԼԻՍԻ, ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի միացեալ նախագիծի յաղթող նկատուած է Օզլեմ Սարիյըլտըզի «Մանուկի ճանապարհորդութիւնը» ժապաւէնը: Հեղինակը արժանացած է 10.000 տոլար մրցանակի: Այս ծրագիրը մաս կը կազմէ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնին։
Շարժապատկերի փառատօնի մամլոյ գրասենեակին համաձայն, երեւանեան աշխատաժողովին Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն մասնակցած են 9 շարժապատկերի գործիչներ, որոնց ներկայացուցած նախագիծէն նախընտրական յանձնաժողովը ընտրած էր 25 դիմումներ: Մասնակից նախագիծերն են՝ Մարիամ Օհանեանի «Հին սօսու ճիւղ», Արսէն Առաքելեանի «Երկխօսութիւն», Էրտալ Պիլիճի «Փնտռելով մանուկը», Օզլեմ Սարիյըլտըզի «Մանուկի ճանապարհորդութիւնը», Գագիկ Ղազարէի «Իմ եւ քու Կիրակին», Գագիկ Յարութիւնեանի «Մի կեանք, մի սէր», Աշոտ Մկրտչեանի «Սալըմ Ապտուլ-Քարիմ», Զէյնել Կոչի «Լուռ շիրիմներ» եւ Տէրիա Տուրմազի «Ծիածան» ժապաւէնները։
Եռօրեայ աշխատաժողովին ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տակաւին անաւարտ շարժապատկերներ՝ «Հոյակապ է, շատ հրաշալի. Ամերիկայէն Պիթլիս» (բեմադրիչ՝ Լուսին Տինք, արտադրող՝ Սոներ Ալպեր) եւ «Ետ դէպի Կիւրիւն» (բեմադրիչ՝ Ատրինէ Գրիգորեան, արտադրող՝ Քարա Մարսթն). տեղի ունեցած են նաեւ անհատական հանդիպումներ հայ եւ թուրք շարժապատկերի գործիչներու եւ դասընթացաւարներու միջեւ: Կայացած է նաեւ Եւրոպայի մէջ շարժապատկերի արտադրութեան նիւթականի ապահովման, հայթայթման եւ աջակցութեան վերաբերեալ դասախօսութիւն: