ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանած է «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցումներուն՝ անդրադառնալով Ղարաբաղի մէջ երէկ կայացած ընտրութիւններուն: Նախարարը այդ ընտրութիւնները համարած է ազատ, արդար եւ մրցակցային եւ ըսած, թէ անոնք կը վկայեն Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը՝ ժողովրդավարութեան ու օրէնքի գերակայութեան:
«Ողջունելի է ընտրութիւններին մի քանի տասնեակ միջազգային դիտորդների ներկայութիւնը, որոնց գնահատմամբ՝ ընտրութիւններն անցել են կազմակերպուած, թափանցիկ, միջազգային չափանիշերին համապատասխան: Չեմ կարծում, որ ժողովրդավար որեւէ երկրի կողմից կարող է վիճարկուել ժողովրդավարական ընտրութիւնների միջոցով իշխանութիւնների ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը», ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:
Նալբանդեան նաեւ բնական համարած է այն, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է շահագրգռուած ըլլայ յարաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն հետ. «Այս ընտրութիւններով Արցախի ժողովուրդը հերթական անգամ ապացուցեց ժողովրդավարական ճանապարհով իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը», եզրափակած է նախարար Նալբանդեան: