
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ «Սարդարապատ» գրախանութին հետ համագործակցաբար, պիտի կազմակերպէ հանդիպում մը՝ «Kill the Messenger: The Media՛s Role in the Fate of the World» գիրքի հեղինակ Մարիա Արմուտեանի հետ:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 26ին, Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս: Արմուտեան պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած գիրքը, ապա տեղի պիտի ունենան բաց քննարկումներ: Գիրքին մէջ կը խօսուի այն մասին, թէ լրատուամիջոցները ի՛նչ դեր ունին վայրագութիւններու եւ ոճիրներու շուրջ լուսաբանումներ կատարելու հարցին մէջ. այնպիսի վայրագութիւններ, ինչպիսիք պատահած օրինակ Ռուանտայի մէջ:
«Մենք շատ կը փափաքինք լսել Մարիայի մեկնաբանութիւնը՝ հասարակութեան մէջ տեղի ունեցող միջադէպերուն եւ լրատուամիջոցներուն միջեւ յարաբերութիւններու մասին: Թեման ոչ միայն պատմականօրէն հետաքրքրական է, այլեւ շատ կարեւոր է մեր օրերուն», նշած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի քարտուղար եւ համայնքային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Անեթ Քարկոտորեան:
Ներկայիս Մարիա Արմուտեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի դոկտորի թեկնածու է: Նախապէս ան զբաղած է քաղաքականութեամբ, տարբեր օ-րէնսդրական գրասենեակներու մէջ. հինգ տարի աշխատած է իբրեւ Լոս Անճելըս քաղաքի շրջակայ միջավայրի յանձնակատար, իսկ ութ տարի՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինէն ներս: