
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը 20 Յուլիսին ամփոփեց ոստիկանութեան առաջին կիսամեակի գործունէութիւնը: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ոստիկանութեան ղեկավար մարմինի պետ Վարդան Եղիազարեան նշեց, որ 20 Յուլիսին տեղի ունեցած վարչական նիստին ընթացքին, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է այն բարեփոխումներուն, զորս կ՛իրականացնէ ոստիկանութիւնը:
Ոստիկանութեան ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին կիսամեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով հանրապետութեան մէջ արձանագրուած յանցագործութիւններուն ընդհանուր թիւը նուազած է 10.7 տոկոսով կամ 905 դէպքով: Նշեալ ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր 100 հազար բնակիչի բաժին եղող յանցագործութիւններուն թիւը հանրապետութեան մէջ կազմած է 232:
Յանցագործութեան մակարդակը առաւել բարձր է Երեւանի մէջ՝ 347, ամէնէն ցածը՝ Արագածոտնի մէջ՝ 132, Գեղարքունիքի մէջ՝ 140, Սիւնիքի՝ 147 եւ Արմավիրի՝ 151: Մարդոց դէմ եղած յանցագործութիւններուն մէջ նուազած են սպանութեան փորձերը, առողջութեան վնաս պատճառելու պարագաները: Արձանագրուած սպանութեան դէպքերուն թիւը մնացած է անփոփոխ՝ 28:
Անչափահասներու կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու թիւը նուազած է 68ով: Յանցանքներու բացայայտման աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը բարելաւուած է գրեթէ բոլոր հիմնական յանցագործութիւններու պարագային՝ սպանութեան փորձեր, դիտմամբ առողջութեան վնաս պատճառել, բռնաբարութիւն եւ բռնաբարութեան փորձեր, ճամբաներու երթեւեկի կանոններու խախտում եւ այլն։
Առաջին կիսամեակին ոստիկանութեան մարմիններուն կողմէ յայտնաբերուած են 941 հետապնդուածներ: Բացի ատկէ, հանրապետութեան ոստիկանութեան մարմիններուն կողմէ ձերբակալուած են այլ պետութիւններու կողմէ պահանջուած 92 յանցագործներ: