
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախկին նախարար Վանօ Սիրադեղեանին Հայաստանէն հեռանալուն մասին ոչ ոք գիտցած է, բացի անոր նախկին թիկնապահներու պետ Սուրէն Սիրունեանը: 25 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսելով Սուրէն Սիրունեան նշած է, որ Սիրադեղեանի ընտանիքին անդամները նոյնիսկ տեղեակ չեն եղած անոր հեռանալուն մասին։
«Տարբեր կարծիքներ եղան Սիրադեղեանի հեռացման պատճառների մասին: Նրա հեռանալուց ի վեր մենք՝ ընկերներով, փորձել ենք մեր հնարաւորութեան չափով ամէն բան անել, որ նա վերադառնայ», շեշտած է Սիրունեան:
Ան վստահ է, որ Սիրադեղեան ողջ է, նոյնիսկ կը ստեղծագործէ։ «Յիմարութիւն կը լինի կարծել, թէ նա մահացել է: Հայաստան վերադառնալուց յետոյ Սիրադեղեանը կարող է տալ իր դէմ յարուցուած քրէական գործին առնչուող բոլոր հարցերի պատասխանները», նշած է Սիրունեանը:
Հայաստանի ներքին գործոց նախկին նախարար Վանօ Սիրադեղեան կը շարունակէ միջազգային մակարդակի վրայ հետապնդուիլ։