
Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանի միջնակարգի ամավերջի զոյգ հանդէսները յաջորդաբար տեղի ունեցան Կիրակի, 15 Յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 2ին եւ 4ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին։
Հանդիսութեանց ներկայ էին առաջնորդը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, ինչպէս նաեւ աշակերտներու ծնողներն ու հարազատները։
Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով աշակերտներէ բաղկացած երգչախումբ մը բացումը կատարեց հանդիսութեանց, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վահէ Գասարճեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ալին Պոյաճեանի, Նայիրի Տոնոյեանի, Գոհար Եարալեանի եւ Անի Տարագճեանի։
Արաբերէն բացման խօսքերով հանդէս եկան Ալին Մինասեան եւ Վանա Սարաճեան, որոնք յայտնեցին, թէ Ճեմարանէն ներս իրենց կեանքի մէկ հանգրուանը ամբողջացուցին՝ ստանալով ե՛ւ գիտութիւն, ե՛ւ հայեցի ու քաղաքացիական դաստիարակութիւն, շնորհիւ Ճեմարանի երախտարժան ուսուցչական կազմին եւ նուիրեալ վարչական պատասխանատուներուն։
Ապա անոնք երախտագիտական խօսքեր յայտնեցին իրենց ծնողներուն եւ դաստիարակներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին իրենց նեցուկ կանգնելու եւ ուսման ամէնէն յարմարաւէտ պայմանները ստեղծելու համար եւ խոստացան դառնալ արժանավայել ուսանողներ ու պատուաբեր զաւակներ։
Հայերէնով բացման խօսքեր արտասանեցին Անժելլա Եագուպեան եւ Շաղիկ Մարտիկեան։ Անոնք յայտնեցին, որ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը միշտ եղած է ազգային գործիչներու, ղեկավարներու եւ մտաւորականներու դարբնոց։ Ապա անդրադառնալով հայ գիրքի տարուան անոնք նշեցին, թէ պատմութեան էջերը վկայ են գիրքի հանդէպ հայ մօր տածած սիրոյն, այսպիսի գիտակից մայրերն են, որոնք գիրքի ճամբով ազգապահպանման ծառայած են, եթէ բանակը զէնքով պաշտպանած է հայրենիքը, ապա ժողովուրդը գիրքով պահպանած է մշակութային մեր արժէքները։ Աւարտին անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանին, իր բոլորանուէր աշխատանքին եւ Ճեմարանի ուսումնական ու դաստիարակչական մակարդակները բարձր պահելու իր յարատեւ ճիգերուն համար։
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց հայրենասիրական երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վահէ Գասարճեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նենսի Սոլաքեանի։ Խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին հայերէն քերթուածներու համադրում մը՝ նուիրուած հայ գիրքի տարուան, իսկ Պեքի Լեբեճեան եւ Ճորճ Գալայճեան ասմունքեցին արաբերէն քերթուածներ։
Արաբերէն ուղերձով հանդէս եկան Սարգիս Թիւֆէնկճեան եւ Գէորգ Եղիայեան։ Անոնք յուզումնախառն ապրումներով յիշեցին Ճեմարանէն ներս իրենց ապրած ուրախ պահերը։
Հայերէն ուղերձը ներկայացուցին Նայտա Պետիկեան եւ Մեղրի Մուշոյեան։ Անոնք յայտնեցին, թէ Ճեմարանը հնոց մըն է, որ գիտութիւն եւ ուսում ջամբելու կողքին մատղաշ ուղեղները կը դարբնէ ազգային գիտակցութեամբ։ Ապա խոստացան իրենց կարելին ի գործ դնել՝ դառնալու պարտաճանաչ աշակերտներ, վայելելու բոլորին յարգանքն ու վստահութիւնը, նոր թափով ու կորովով շարունակելու իրենց ուսումնական կեանքը Ճեմարանէն ներս։
Ապա օրուան հանդիսավար Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան բեմ հրաւիրեց Ճեմարանի պետական տնօրէն Ապտուլ Ճալիլ Քաթիթը՝ ներկայացնելու իր սրտի խօսքը։ Ան վեր առնելով Ճեմարանի կազմակերպուած կեանքը, ուսումնական եւ դաստիարակչական ծրագիրներն ու պաշտօնէութեան աչալուրջ աշխատանքը՝ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի ընթացքը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն՝ իրենց սերտ համագործակցութեան համար։
Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի զեկոյցը ներկայացուց Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան։ Տնօրէնը լուսարձակի տակ առնելով ժամանակակից լաւագոյն վարժարաններէն մէկը դառնալու Ճեմարանի ուղղուածութիւնը յայտնեց, թէ բացարձակապէս հայ աշակերտներէ բաղկացած Ճեմարանը իր տնօրէնութեամբ, ուսուցչական կազմով, վարչական պաշտօնեաներով կ՛աշխատի ամէն ջանք ի գործ դնել վարժարանէն ներս կիրարկելու արդիական դասաւանդութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցները։ Տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը հետամուտ են Ճեմարանը օժտելու թուայնացած գրատախտակներով (smart boards), որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ դասաւանդութիւնը դարձնել ոչ միայն հետաքրքրական, այլեւ՝ առնչուած համացանցի եւ համակարգչային յատուկ յայտագիրներու հետ իւրաքանչիւր դասարանէ ներս։ Տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ Ճեմարանի քարտուղարական աշխատանքներու թուայնացման, ինչպէս նաեւ կայքէջին մէջ ծնողներու եւ աշակերտներու յատուկ բաժիններու ներառման ծրագիրներուն։ Այնուհետեւ ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին, որ յաճախակի ներկայութեամբ, խնամակալութեան ժողովներու մասնակցութեամբ հետամուտ եղած է Ճեմարանի վերելքին եւ բարոյական իր աջակցութեան ու հայրական յորդորներուն կողքին, նիւթապէս օժանդակած է Ճեմարանին, զայն միշտ ակնկալուած բարձունքի վրայ տեսնելու նախանձախընդրութեամբ։ Տնօրէնը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց նաեւ Ազգ. Վարչութեան եւ Ճեմարանի խնամակալութեան՝ վարժարանին նեցուկ կանգնելու իրենց անսակարկ ճիգերուն համար։
Այնուհետեւ Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Ճեմարանի 7րդ եւ 8րդ կարգերու առաջնակարգ ուսանողները, Շրջ. միութեան վարչութեան անդամ Մայտա Աւագեանի ձեռամբ։
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման եւ գովասանագրերու տուչութեան արարողութիւնը, որոնց ընթացքին դաշնամուրով հանդէս եկան Ժագլին Մահսէրէճեան, Նարին Աբգարեան, Ճորճ Սիմոնեան, Անժելլա Խտըրլարեան եւ Դալար Թոփալաքեան։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց առաջնորդը, որ հաստատեց, թէ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը Սփիւռքի ողջ տարածքին ե՛ւ որակի, ե՛ւ քանակի առումներով մեծագոյն եւ լաւագոյն վարժարանն է։ Ան յայտնեց, թէ ուսանողները իրենց կեանքի այս հանգրուանին Ճեմարանէն ներս ձեռք կը ձգեն երկու կարեւոր յատկանիշներ՝ ինքնավստահութիւն եւ վստահութիւն։ Ան թելադրեց երկրորդականի հանգըրուանը մուտք գործել աշխատանքի բարձր գիտակցութեամբ, որովհետեւ պաքալորիային բարձր արդիւնքներու հասնելու համար անհրաժեշտ է աչալրջօրէն սորվիլ 10րդ կարգէն սկսեալ: Ան առանձնապէս կարեւոր համարեց հայերէն լեզուի ուսուցումը, նշելով, որ կարգ մը ծնողներ հայերէնը երկրորդական համարելով իրենց զաւակները չեն մղեր հայերէն լեզուին ու գրականութեան պահերուն լրջօրէն հետեւելու, ինչ որ դատապարտելի երեւոյթ է, որովհետեւ Ճեմարանի առաքելութիւնը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելն է եւ մեր լեզուն ու գրականութիւնը կորուստէ փրկելը, հետեւաբար կոչ ուղղեց բոլոր աշակերտներուն՝ լրջօրէն հետեւիլ հայերէնի դասապահերուն եւ պահել մեր մեծասքանչ լեզուն։
Զոյգ հանդիսութիւնները փակուեցան սրբազան հօր «Պահպանի»չով եւ երգչախումբին կատարողութեամբ Ճեմարանի քայլերգով: