ԹԱՒՐԻԶ.- Խանասորի արշաւանքի հերոսներու յիշատակը յարգելու համար, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Սալմաստէն հիւսիս-արեւմուտք, 25 քլմ. անդին, Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանամերձ շրջանը, ուրկէ ընթացած են հայ ֆէտայիները դէպի Խանասորայ դաշտը:
Հայր սուրբը իր ընկերակիցներով դիմաւորուեցաւ տեղւոյն պետական պատասխանատուներուն ու բանակայիններու կողմէ, եւ զինուորական ինքնաշարժներով առաջնորդուեցաւ դէպի սահմանամերձ շրջանը: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խունկի ծուէններու մէջ, ու բարեպաշտ մոմավառութեամբ:
1897ի Յուլիսի 25ին, Նիկոլ Դումանի, Վարդան Մեհրապեանի եւ Իշխան Արղութեանի հրամանատարութեամբ, 150 հայ ֆէտայիներ կը յաջողին պարտութեան մատնել Մազրիկ ցեղը, իսկ ցեղապետ՝ Շարաֆ բէկ կը յաջողի ամօթահար խոյս տալ գիշերով: Կռիւը կը տեւէ ընդամէնը երկու օր, եւ 27 Յուլիսին կ՛աւարտի հայերու յաղթանակով: Ճիշդ է, որ Խանասորայ արշաւանքին կը զոհուին 25 ֆէտայիներ, որոնց շարքին Ռոստոմի եղբայրը՝ Կարօն, սակայն այս յաղթանակը մեծ յոյս կը ներշնչէ, այդ օրերուն Համիտեան լուծի տակ տնքացող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Հայր սուրբին «Հոգւոց» աղօթքով յիշուեցան բոլոր նահատակները, իսկ հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ օրհնուեցաւ յիշատակը յաղթական բոլոր հերոսներուն, որոնք ազատագրական պայքարի ոգիով թրծեցին իրենց յաջորդող սերունդները, սակայն պատուիրելով չմոռնալ Յուլիս ամսու 25ը, երբ պէտք է կատարել իրենց յաղթանակին տօնը:
Սահմանամերձ գիւղի քիւրտ բնակիչները հիւրասիրութեամբ պատուեցին առաջնորդը ու անոր ընկերակցող ուխտաւոր ազգայինները:
Նոյն օրը, հայր սուրբը այցելեց նաեւ Սալմաստի Մահլամ գիւղի գերեզմանատունը, ուր թաղուած են 1898ին գլխատուած 9 հայ ֆէտայի նահատակները, որոնց գլուխներուն պատի վրայ ամրացուած դարաններուն շարուած լուսանկարը, ցարդ սահմռկեցուցած է հայ իրերայաջորդ սերունդներ: (Ի դէպ, այս լուսանկարը ընդհանրապէս անգիտակցաբար կը ցուցադրուի Ապրիլեան նահատակաց յուշատօնի շրջագծէն ներս): Համաձայն անոնց տապանաքարերու արձանագրութեան, այնտեղ իրենց երանական հանգիստով կը ննջեն Խաչօ Յարութիւնեան, Յարութիւն Խաչոյեան, Նախօ Ղազարեան, Յարութիւն Աբրահամեան, Յարիկ Աբգարեան, Գաբրիէլ Մուրատեան (Մնջօ), Գալուստ Գուլոյեան, Ստեփան Պետրոսեան եւ Աւետիս Օհաննէսեան:
Համաձայն Ռուբէնի յուշերուն մէջ արձանագրուած տեղեկութեան, 1897ին Սալմաստի մէջ կազմուած այս ֆէտայական խումբի պետն էր Փոխիկ, որ 1898ին խումբը կ՛առաջնորդէ Վան: Տեղի յուսահատական վիճակը տեսնելով, կ՛որոշէ վերադառալ Սալմաստ: Սակայն ինք հիւանդանալով կը մնայ Ղալասար գիւղին մէջ: Խումբը Սալմաստի Մահլամ գիւղը հասնելով յոգնած, կը մտնէ գիւղացիի մը տունը, խոստանալով որ մի քանի օր հանգչելէ յետոյ կը հեռանայ: Ուստի հանգչելու համար, գիւղէն հեռու պարտէզներուն մէջ կը թաքնուին: Հայ գիւղացիները վախնալով գիւղատէր Հաճի-Խանէն, Փոխիկի խումբին իրենց գիւղին մէջ գտնուիլը կը մատնեն Խոյի եւ Սալմաստի դատաւոր Զարղամին, որ յաջորդ օր՝ Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 25ի վաղ առաւօտուն, 300 զինուոր ու թնդանօթ ղրկելով կը սպաննէ 9 ֆէտայիները, որոնք առանց դիմադրութիւն ցոյց տալու փափաք կը յայտնեն յանձնուիլ, Զարղայի վրէժխնդրութենէն փրկելու համար Մահլամի հայ գիւղացիները: Սակայն թշնամին չի՛ լսեր անոնց խօսքը, ու սպաննելէ ետք գլխատելով, անոնց գլուխները կը տանի Զարղամին: Նոյն գիշերն իսկ, հայ մատնիչին՝ Մուղսի Դաւիթի տունը մտնելով, զայն ու ամբողջ ընտանիքը սուրի մահուան կ՛ենթարկէ Եփրեմ Խանը: Իսկ 1899 Յունուար 3ին, միւս երկու մատնիչները Ստեփանը եւ Խուս Առաքելը իրենց պատիժը մահուամբ կը ստանան: Բուն ոճիրը գործադրել տուողներէն մէկուն՝ Հաճի-Խանին, պետութիւնը ժամանակաւորապէս պաշտօնանկ կ՛ընէ, իսկ Զարղամն ալ Թաւրիզ կը հրաւիրէ, բացատրութիւններ ստանալու համար անկէ, այս դէպքի առնչութեամբ:
Հայ հերոսներուն շիրիմներուն առջեւ խոնարհած, առաջնորդը կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն, ներկայիս ո՛չ մէկ հայ բնակիչ ունեցող Մահլամ գիւղի գերեզմանատան մէջ: Իսկ քիչ մը անդին բնակող քիւրտ ծերունին, որ տարիներով դրացի եղած էր հայերու հետ, հայերէնով կը զրուցէր հայր սուրբին հետ, պատմելով մինչեւ 1946 թուական Սալմաստի մէջ բնակող մեծաթիւ հայ գաղութին մասին: