
ՏՈՀԱ, «Ռոյթըրզ».- «Սուրիական զինուած ընդդիմադիրները կը ղեկավարուին Թուրքիայէն: Ատանայի մէջ հաստատուած է յատուկ կեդրոն մը, Սուրիոյ մէջ (նախագահ Պաշշար) Ասատի դէմ պայքարող ընդդիմադիրները ղեկավարելու համար», ըսած է Քաթար հաստատուած դիւանագէտ մը, մերժելով իր ինք նութիւնը բացայայտել:
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ կեդրոնը կը գտնուի Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ, եւ որ այդ կառոյցին կը մասնակցին նաեւ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը: Ան կառոյցը նմանցուցած է եռնակիւնի մը, որուն վերի անկիւնը վերապահուած է Թուրքիոյ: Կը նշուի, որ շատ հաւանական է, որ Դամասկոսի մէջ Յուլիս 18ին տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացած էին պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ղեկավարուած է Սուրիոյ սահմանէն 60 մղոն հեռու գտնուող Ատանայէն, ուր կը գտնուի նաեւ ամերիկեան ռազմական խարիսխ մը: Թուրքիա պաշտօնապէս կը հերքէ այն պնդումները, թէ սուրիացի ընդդիմադիրները կը զինէ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը լայն տարածքներ իր վերահսկողութեան տակ առած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, ինչ որ կրնայ «ապահովական գօտի» մը հաստատելու առաջնորդել, ուր ընդդիմադիրներ պիտի համախմբուին: Քլինթըն սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց յետասատեան ժամանակաշրջանին պատրաստուելու նպատակով՝ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու, աւելցնելով, որ «Ասատի առջեւ տակաւին փոփոխութիւն իրագործելու առիթ կայ»:
Մինչ այդ, Հալէպ նահանգի ըմբոստներու զինուորական խորհուրդի հրամանատար Ապտըլ Ճապպար Օքէյտի լիբանանեան «էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Հալէպի ռմբակոծումը կը շարունակուի», վստահեցնելով, որ կը պատրաստուին «Հալէպը ամբողջութեամբ ազատագրելու»:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է Հալէպի մէջ ջարդ մը կանխարգիլելու համար արագ շարժի, մինչ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ ՄԱԿ ձախողեցաւ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններ պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ:
Նաեւ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Տէր Զօրի մէջ, սուրիական բանակին հետ բախումներու ընթացքին, սպաննուած են «Քայիտա»ի սէուտցի ղեկավարներէն Իպրահիմ Ղազի Համիտին եւ անոր մարտական խումբին բոլոր անդամները: Սուրիական իշխանութիւնները ձերբակալած են նաեւ 14 եգիպտացի քաղաքացիներ, որոնք Յորդանանի ճամբով Սուրիա ներթափանցել կը փորձէին:
Ռուսական «Քոմսոմոլեսքաիա Փրաւտա» օրաթերթը հաղորդեց, որ քաթարեան, սէուտական եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները աշխատանք կը տանին Սուրիոյ մէջ ճակատումը աւելիով հրահրելու, իսկ ռուսական «Քրասնաիա Զաւիզտա» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի քաղաքացիական պատերազմ կը մղէ»: Օրաթերթը նշեց, որ Ասատի վարչակարգի տապալումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ սուրիական քիմիական զէնքերը «Քայիտա»ի ձեռքը իյնան:
Վերջապէս, Ռուսիոյ ծովուժի հրամանատար՝ ծովակալ Վիքթոր Չիրքով, յայտարարեց, որ Մոսկուա մտադիր է իր ծովուժէն ուժեր պահել Սուրիոյ Թարթուսի մէջ: