ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Լալը բազմաթիւ իմաստներ ունի: Մանուկներու լացը երբեմն անոնց տակաւին փակ լեզուին դերակատարութիւնը կը կատարէ, երբեմն ցասում, զայրոյթ եւ պահանջ կ՛արտայայտէ, երբեմն իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն կը թարգմանուի, երբեմն անհանգիստ կամ հիւանդ ըլլալու երեւոյթ, եւայլն: Մեծահասակներու պարագային խոր յուզումի, խոր տրտմութեան, երբեմն չափազանց ուրախութեան արտայայտութիւն իբրեւ կ՛ընդունուի լացը:
Այս բայը՝ լալ, նաեւ փոխաբերական իմաստներով կը գործածուի: Երբ մէկը խղճալի վիճակով իր անձը ուզէ ներկայացնել՝ «կու լայ»: Այսպէս, անգործութենէ տառապողը, որուն դիմաց նիւթական պարտքեր կը դրուին, կը սկսի «լալ», խնդրելով որ այդ պարտաւորութիւնները վերցուին իր վրայէն, նկատի ունենալով իր մասնաւոր պարագան:
Լացին բարձրաղաղակ եւ լուռ տեսակներն ալ կան: Նոյնիսկ ամէնէն ծանր պարագաներուն, ոմանք արցունք չեն թափեր, այլ ինչպէս կ՛ըսեն՝ «դէպի ներս կու լան», ներքնապէս կը տառապին, կը տանջուին, առանց յայտնի ընելու թէ ինչքան կը չարչարուի իրենց հոգին: Իսկ ուրիշներ իրենց հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնեն, եւ նոյնիսկ հետագային չեն յիշեր թէ ինչքան վայնասուն ձգած են, պատահած տուեալ դէպքին առիթով: Ասիկա մարդոց տեսակին տարբերութիւնն է, նայած թէ հոգեկան ի՞նչ կազմաւորում ստացած են անոնք իրենց մանկութեան շրջանին: Ատկէ բացի կան նաեւ զգայուն եւ գերազգայուն հոգիներ, որոնք հարցերուն եւ դէպքերուն պատասխանելու տարբեր մօտեցումներ ունին: Ոմանք շատ հանդարտութեամբ կ՛ընկալեն տխուր դէպքեր, սակայն որոշ ժամանակ ետք միայն կը զգան անոնց ծանրութիւնը: Իսկ ուրիշներ տեղւոյն վրայ կ՛ուշաթափուին, ամբողջութեամբ հաղորդուելով դէպքին ծանր կացութեան:
Լալու այս երեւոյթը սուգի պարագային յատկապէս, անցեալին պարտադիր երկարատեւ օրեր կը պահանջէր: Մասնաւորաբար ազնուական դասակարգը յատուկ անձեր կը վարձէր, լալով լացնելու եւ սուգին խորութիւնը զգացնելու, տոհմին ենթակայ ամբողջ ժողովուրդին: Վերջին ժամանակներուն, բռնատիրական երկիրներէն մէկուն բռնակալին մահուան առիթով, պարտադիր լալու ստիպուած էին պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, բանակի հրամանատարութեան պաշտօնեաներ, զինուորականներ եւ հպատակ ամբողջ ժողովուրդը: Լրատուական ցանցեր նաեւ յայտնեցին հետագային, որ պարտադիր լացին չմասնակցողներ պատժուած էին խստիւ, իբրեւ վատ օրինակներ ժողովուրդին դիմաց: Որովհետեւ բռնապետներու մահուան սուգին բարձրաղաղակ ու բացայայտ լացով մասնակցութիւն բերել՝ կը նշանակէ ցոյց տալ թէ ինչքա՜ն սիրելի անձնաւորութիւն էր ան, եւ որուն մահը մեծ կորուստ կը նկատուի համայն ժողովուրդին համար:
Լացը նաեւ վարակիչ հանգամանք ունի: Սուգի տուն այցելողներ երբ տեսնեն ուրիշներուն լացը, համաձայն իրենց զգայնութեան, կրնան լալ, կամ գէթ յուզուիլ: Եղերամայրեր ճիշդ այդ պարտականութեան համար կը կանչուէին սուգի տուներ, չլացողներն ալ լացնելու, իրենց տխուր խօսքերով, թափած կեղծ արցունքներով եւ զգացական խոր արտայայտութիւններով: Հին ժամանակներու հոգեբուժական միջոցներէն մէկն էր նաեւ այս, «պարպել»ու համար տխրութիւնը, բեռնաթափելու համար հոգին իր տրտմութենէն, որ մարդուն մէջ մնալով կրնայ հոգեկան բարդութիւններ յառաջացնել հետագային:
Արկածի կամ հիւանդութեան հետեւանքով ալ մարդիկ կու լան, երբ իրենց մարմինին վրայ ցաւ զգան: Ամէնէն քաջ անձին մօտ ալ տեսնուած երեւոյթ է այս, երբ ներքին ցաւին չտոկալով կու լայ ան, բժիշկներուն անմիջական միջամտութիւնը հայցելով: Կը յիշեմ մէկը, որ այնքան քաջ ճանչցուած էր, սակայն ֆիզիքական ցաւերուն չդիմանալով, կը հայհոյէր Աստուծոյ, եւ կ՛ըսէր որ եթէ Աստուած այդ ցաւերը կրելու հարկադրուէր, ինչքա՜ն հեռուները պիտի փախչէր վախէն: Այս ալ թերեւս ինքնամխիթարանք իբրեւ կ՛ըսէր ան:
Արկածի հանդիպելով լալու պարագաներն ալ իրարմէ կը տարբերին: Որովհետեւ ոմանք ծանր արկածներու կը հանդիպին իսկ ուրիշներ՝ թեթեւ: Օրինակ, ցած աթոռակին վրայէն գետին իյնալը տարբեր վնաս կը հասցնէ մարդուն ու տարբեր ցաւ, քան՝ տանիքէն վար իյնալը:
Փոխաբերական իմաստով գործածուած եւ առածանման արտայայտութիւններէն մէկն է՝ «բարձրէն ինկողը աւելի կու լայ» խօսքը, որ շատերուն իբրեւ դաստիա-րակիչ խրատ կը տրուի: Այսպէս, երբ կառավարութեան որոշումով բոլոր քաղաքացիներուն շարժուն եւ անշարժ կալուածները գրաւուին, ան որ հսկայ հարստութեան տէր է, շատ աւելի «կու լայ», քան ան՝ որ արդէն բան չունի իբրեւ հարստութիւն:
Բարոյական կեանքի մէջ ալ նոյնն է պարագան: Երբ բարձր դիրքի հասած մէկը իր բարձունքէն վար իյնայ, շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ իրեն համար տանիլ այդ նուաստացումը, քան ան՝ որ արդէն մասնաւոր դիրք չունի ընկերութեան կեանքին մէջ: Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ երբ ժողովրդավարական կարգերով կ՛ընտրուին երկրի բարձրագոյն ղեկավարներ, օրինակ նախագահներ, իրենց պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտելով երբ հրաժարին, հազի՛ւ կը տանին հոգեբանական կացութիւնը:
Ալ ո՜ւր մնաց բռնատիրական երկիրներու պարագային, երբ յեղափոխութեամբ կը շրջուին երկրի կարգերը, եւ անձեռնմխելի նկատուած բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ամէնէն խայտառակ միջոցներով կը քաշքշուին քաղաքի փողոցներէն, թաղի լակոտներու փոշոտ հողաթափներով հարուած ստանալով իրենց անմերձենալի կարծուած դէմքին ու մարմինի տարբեր մասերուն վրայ:
Աշխարհը վերջին տարիներուն թատերաբեմը եղաւ նման ներկայացումներու, որոնք վար առին տարբեր երկիրներու վրայ իրենց իշխանութիւնը սերունդէ սերունդ հաստատած բռնապետները: Վստահաբար այդ անհպելի անձերը իրենք ալ զարմացան պատահածին, որովհետեւ մինչ այդ, իրենց համար անկարելի բան չկար, եւ ամէն շարժում երկրին մէջ կախեալ էր իրենց բացարձակ հրահանգէն: Լալը, ողբալը, արտասուելը, սգալը, ու հանդերձներ պատռելով մոխիրի վրայ նստիլը, նման պարագաներու դեռ քի՛չ ալ է: Որովհետեւ ամենակարողութեան աստիճանէն վար իյնալու եւ ոչնչութեան վերածուելու նման երեւոյթ է ասիկա: Այդ է պատճառը, որ որեւէ բռնատէր իր կամքով չի՛ հեռանար բարձրագոյն իր հանգամանքէն, եւ ո՛չ ալ համեստութեամբ կրնայ հրաժարիլ այն պաշտօնէն, որուն յարմար չի՛ տեսներ այլեւս իր ժողովուրդը զինք:
Բարձրէն ինկողը աւելի՛ կու լայ: Ահա՛ ժողովրդային իմաստութիւնը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչքան մարդ բարձրանայ, այնքան համեստ պէտք է մնայ, որպէսզի վար իյնալու պարագային, լացին ձայնը աւելի մեղմ լսուի, իրեն ենթակայ ժողովուրդին սիրովը պաշտպանուած: Լացը միշտ կայ այս կեանքին մէջ, որովհետեւ կեանքի երեւոյթներուն մաս կը կազմէ: Սակայն աւելի չլալու համար, ո՛չ թէ պէտք է խուսափիլ բարձրանալէ, այլ վերելքի իւրաքանչիւր աստիճանին վրայ յիշել վարը, ուր դարձեալ կարելի է վերադառնալ: