
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 9ին, հայաստանցի բնապահպան գործիչները տարածած են աշխարհահռչակ ռոք-երաժիշտ Սերժ Թանքեանի բացառիկ մէկ տեսաուղերձը՝ ի պաշտպանութիւն Թեղուտի:
Տեսաուղերձին մէջ Թանքեան կը պատմէ, թէ 2011ին Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին գացած էր նաեւ Լոռիի մարզ: «Ես տեսայ տեղի հրաշալի բնութիւնը, տեսայ վեր խոյացող անտառը, որ դեռ կանգուն էր: Երկու տարուան ընթացքին շատ բան փոխուած է: Պարզուեցաւ, որ Թեղուտը՝ Հայաստանի վերջին եւ ամենալաւ պահպանուած անտառներէն մէկն է՝ կանգնած է ի սպառ վերացման վտանգի առջեւ: Պատճառը բաց եղանակով մետաղական հանքի ծրագրաւորուող շահագործումն է, որուն հետեւանքով պիտի յառաջանան 500 միլիոն թոն խիստ թունաւոր թափօններով պոչամբար եւ 600 միլիոն թոն այլ թափօններ», կը յայտնէ Թանքեան:
Հայ ռոք-երգիչը իր ուղերձին մէջ նաեւ կը նշէ, որ թէեւ հանքավայրը շահագործող ընկերութիւնն ու անոնք, որոնք կողմ են հանքի բացման, կը պատճառաբանեն, թէ անոր հետեւանքով երկիրը տնտեսական աճ պիտի արձանագրէ, սակայն ներկայիս Հայաստանի շուրջ 500 հանքերէն, որոնց թիւը շարունակաբար կ՛աճի, երկիրը դեռ էական եկամուտ մը չի ստանար, եւ հանքավայրերու մէջ աշխատող բանուորներու կենսամակարդակին վրայ էական ազդեցութիւն մը չէ պատահած:
«Ինչ կը վերաբերի Թեղուտի անտառին՝ ապա այնտեղ հանքավայրին մէջ աշխատողներուն մեծ մասը պէտք է ըլլայ տեղի շուրջ 360 բնակիչներէն:
Վերջիններս անգիտակցաբար կը վտանգեն ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ իրենց երեխաներու, թոռնիկներու եւ եկող սերունդներու կեանքն ու առողջութիւնը: Եւ այս ամէնը՝ ընդամէնը ամսական շուրջ 150 տոլար եկամուտի համար», կ՛ըսէ Թանքեան:
Թանքեան, իբրեւ այլընտրանք՝ առաջարկած է շրջանին համար եկամուտի այլընտրանքային աղբիւրներ գտնել. «Շրջանը գիւղատնտեսական առումով չափազանց բարեբեր է:
Ակնյայտ է, որ գիւղատնտեսութեամբ զբաղուիլը աւելի նպատակայարմար է շրջանին եւ առհասարակ երկիրին համար՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ բնապահպանական առումով:
Այն գործարարները, որոնք իսկապէս շահագրգռուած են Հայաստանի երկարաժամկէտ զարգացումով, պէտք է ուսումնասիրեն Թեղուտը՝ գիւղատնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւններու եւ ոչ թանկարժէք մետաղներու որոնման նպատակով, եւ ներդրումներ կատարեն հաւաքական տնտեսութիւններու եւ փոքր գործառնութիւններու ստեղծման մէջ», կ՛եզրափակէ Թանքեան: