ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ Քեսապ հայաշատ շրջանի Տիւզաղաճ գիւղին մէջ 9 Օգոստոսի գիշերը տեղի ունեցած բախումները մեծ տարողութեամբ չեն եղած եւ կառավարական ուժերը կարճ ատենէն արդէն կրցած են իրենց հակակշիռին տակ առնել կացութիւնը։ Քեսապցի հայերուն համաձայն, թէեւ քանի մը զոհ արձանագրուած է, սակայն հայեր չկան անոնց մէջ։
Իրավիճակը արդէն հանդարտ է, սակայն լարուածութիւն, վախ, մտահոգութիւն եւ սպասողական վիճակ կայ շրջանի բնակիչներուն մէջ։ Սուրիահայերը նշած են, որ Քեսապէն Հալէպ տանող ճամբան փակ է, եւ նոյնիսկ Հայաստան երթալ ուզողները չեն կրնար Հալէպ հասնիլ, որպէսզի օդակայան երթան։
Հալէպի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ փողոցը կրակոցներ ու աղմուկ կայ, սակայն իրավիճակը բաւական հանդարտ է: Նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով՝ իրավիճակը բարելաւուած է: «Հալէպի մէջ հայեր կան գրեթէ ամէն տեղ, սակայն կան շրջաններ, ուր աւելի մեծ թիւով հայութիւն կայ։ Հայաշատ թաղամասերուն մէջ կացութիւնը հանդարտ է», ըսած է Ռէիսեան: Յաճախ ելեկտրականութիւնը կ՛ընդհատուի, իսկ որոշ թաղամասերուն մէջ արդէն որոշ ատենէ ի վեր ամբողջովին չկայ ելեկտրականութիւն։ Եթէ բախումներ չըլլան, մարդիկ տուներէն դուրս կ՛ելլեն։
Սուրիահայութիւնը իր կարգին զոհեր տուած է շուրջ երկու տարիէ ի վեր տեղի ունեցող այս խառն դէպքերուն ընթացքին։ Վերջերս երկու հալէպահայ երիտասարդներ սպաննուեցան քաղաքը զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներէն պաշտապնելու ընթացքին։