ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին՝ Տմիթրի Ռոկոզին Իլհամ Ալիեւին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահին ու վարչապետին ողջոյնները: Հանդիպման ընթացքին կողմերը ողջունած են այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յաջողութեամբ կը զարգանան յարաբերութիւնները՝ տարբեր ոլորտներու մէջ:
Քննարկուած են յատկապէս ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը սերտացնելու հեռանկարները: