
1-14 Հոկտեմբերին Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Շուշի արթ փրոճեքթ»ը («Շուշի արուեստի նախագիծ»ը), որուն պիտի մասնակցին շուրջ 20 արուեստագէտներ՝ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ պիտի կայանայ տեղւոյն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս։
Ծրագիրին մէջ ներառուած են ժամանակակից արուեստի ուրոյն ոճեր՝ բացօթեայ ներկայացումներ, վիտէօ արթ, լենտ արթ եւ այլն։ Այս ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուի Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» նշանաւոր ժապաւէնը, տեղի պիտի ունենան կլոր սեղան-հանդիպումներ՝ մասնակից արուեստագէտներուն հետ, համերգներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ։
Նախագիծի աւարտէն ետք անիկա պիտի ներկայացուի նաեւ Երեւանի մէջ՝ «Թումօ» ստեղծագործ արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ։
«Շուշի արթ փրոճեք»չը անկախ արուեստագիտական նախաձեռնութիւն է, որ կը միտի Շուշի քաղաքին մէջ պարբերաբար կազմակերպել ժամանակակից արուեստի նախագիծ-փառատօներ: Նախագիծի կազմակերպման եւ կայացման պատասխանատուն համանուն հասարակական կազմակերպութիւնն է:
Հիմնուելով հայկական արուեստագիտական ներուժին վրայ (Հայաստանի եւ Սփիւռքի)՝ «Շուշի արթ փրոճեքթ»ը կը միտի ձեռք բերել միջազգային կարգավիճակ՝ Շուշի հրաւիրելով նաեւ օտար արուեստագէտներ եւ կազմակերպութիւններ, կապեր եւ համագործակցութիւն հաստատել տեղւոյն եւ Հայաստանի մարզերու արուեստագէտներու, մշակութային կազմակերպութիւններու միջեւ: