
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, 12 Օգոստոսին, «Ռիքիզ էնտ ԸրպընարԹ» ճաշարանային համալիրի բացօթեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն եկած օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեանի մենահամերգը:
Լիբանանցի եւ օտար հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, աւելի քան մէկ ժամ տեւած համերգի ընթացքին երգչուհիին կողմէ հնչեց Քարմենի արիան՝ Պիզէի «Քարմեն» օփերայէն, Նորմայի արիան՝ Պելինիի «Նորմա» օփերայէն, Լիսնորայի արիան՝ Վերտիի «Ճակատագիրի Ուժը» օփերայէն եւ Լաուրեթայի արիան՝ Փուչինիի «Ճիաննի Սքիքի» օփերայէն:
Մենահամերգի ընթացքին հնչեցին նաեւ նափոլիական, սպանական եւ հայկական երգեր: Մենահամերգի ամբողջ ընթացքին Լիլիթ Սողոմոնեանի կատարումներուն ուղեկցեցան հանդիսատեսներուն բուռն ծափողջոյնները:
Համերգը տեղի ունեցաւ գործակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան: