
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած ամերիկահայ քուէարկողներ արձանագրելու արշաւին՝ «Hye Votes»ին կազմութենէն ետք, անոր իբրեւ կեդրոնատեղի ընտրուած է Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի երրորդ յարկը, մինչ արշաւը իբրեւ շրջանային հեռաձայնային կեդրոն պիտի գործածէ Հոլիվուտի մէջ այլ գրասենեակ մը:
Արշաւին նպատակն է մղել շրջանի հայութիւնը, որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերէ քաղաքական կեանքի մէջ, ըլլայ ատիկա դաշնակցային, նահանգային կամ քաղաքային մակարդակով: Արշաւը ոչ միայն քուէարկողներ պիտի արձանագրէ, այլ նաեւ աշխատանք պիտի տանի, որ անոնք նաեւ քուէարկե՛ն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ տեղական Հայ Դատի մասնաճիւղերու համագործակցութեամբ առաջ տարուող այս արշաւը, աւելի կարեւոր կը դառնայ յատկապէս այս տարի, երբ տեղական եւ քոնկրեսական ընտրութեանց կողքին տեղի պիտի ունենան նաեւ նախագահական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին ամերիկահայութիւնը կրնայ վճրորոշ դերակատարութիւն ունենալ, որովհետեւ կ՛ակնկալուի, որ շարք մը ընտրութեանց ճակատագիրը փոքրաթիւ քուէներով վճռուի:
«Յոյժ կենսական է, որ մեր համայնքը գիտակցի, թէ պէտք է գործօն դերակատար մը ըլլայ, անհատապէս եւ իբրեւ համայնք, իր իրաւունքները եւ շահերը լաւապէս պաշտպանելու համար: Մեր ձայնը մեր քուէն է, եւ իւրաքանչիւր քուէ իր արժէքը ունի», կը յայտնէ արշաւի վարիչ Էլըն Ասատրեան:
«Hye Votes» արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր նպաստելու համար, դիմել (818) 533-VOTE(8683) եւ (323) 989-4ANC(4262) թիւերուն, կամ այցելել www.HyeVotes.org կայքը:
Արշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ նախագահական ընտրութեանց օրը՝ Նոյեմբեր 6, որմէ ետք կեանքի պիտի կոչուի իւրաքանչիւր ընտրութեան նախասեմին: