ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մանկապարտէզներուն մէջ սնունդի կազմակերպման ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք տնօրէն մը պաշտօնազրկուած է, իսկ քանի մը ուրիշներ ստացած են նկատողութիւն, այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան:
Վերջինիս խօսքով՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուշադրութեան կեդրոնին են մայրաքաղաքի մանկապարտէզներու շէնքային պայմանները:
«Գիտենք, որ մանկապարտէզների շէնքերը շատ հին են եւ «2012 թուականի տնտեսական զարգացման ծրագրում» ընդգրկուեցին մանկապարտէզներ, որոնք պիտի հիմնանորոգուեն: Շուրջ 17 մանկապարտէզ կը հիմնանորոգուի, 5ում կը կատարուեն տանիքների վերանորոգման աշխատանքներ, 4ում՝ սանհանգոյցների», նշած է Հանրակրթութեան վարչութեան պետը:
Նախորդ տարուան Նոյեմբերէն սկսած է մայրաքաղաքի տարբեր վարչական շրջաններու մանկապարտէզներուն մէջ գոյքի նորացման ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս մանկապարտէզներուն տրամադրուած է 414 սեղան եւ 2360 աթոռ: Ծրագիրը շարունակական է եւ քաղաքապետարանը պիտի իրականացնէ երեխաներու մահճակալներու նորացման ծրագիր: Մանկապարտէզներու տնօրէններուն խնդրանքով՝ կը նախատեսուի տեղադրել երեք յարկանի մահճակալ՝ տարածք խնայելու համար:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուընէ սկսեալ մայրաքաղաքի մանկապարտէզները դարձան անվճար, քանի որ անոր ֆինանսաւորումը իր վրայ վերցուց Երեւանի քաղաքապետարանը:
Գայիանէ Սողոմոնեան աւելցուց, որ եթէ նախորդ տարի յատուկ կրթութեան կարիք ունեցող երեխաներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցի կազմակերպման ծիրէն ներս վեց դպրոցներու մէջ ստեղծուած են կեդրոններ, ուրեմն նոյնը պիտի կատարուի նաեւ մանկապարտէզներու մէջ. «Տխուր է այդ թիւը, աւելանում է հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաների թուաքանակը», նշած է Գայիանէ Սողոմոնեան:
Խօսքը օթիզմ ունեցող երեխաներու մասին է: Թէ ինչու կ՛աճի անոնց թիւը, Գայիանէ Սողոմոնեան նկատեց, թէ ինք չէ, որ պէտք է խօսի ատոր մասին, բայց կարծիք յայտնեց՝ ըսելով, թէ պատճառը հաւանաբար այն է, որ ծնողներ նախապէս կը թաքցնէին երեխայի օթիզմով հիւանդ ըլլալու հանգամանքը, իսկ այսօր՝ ոչ: