
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Գերմանիան ներկայացնող հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ «Ուըրլտ պոքսինք օրկընայզէյշըն»ի չափանիշներով 2րդ միջին ծանրութեան դասակարգի աշխարհի ախոյեան Ռոբերտ Շտիգլիցի տիտղոսային մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 25 Օգոստոսին Պերլինի մէջ։ Անիկա պիտի ցուցադրուի գերմանական ARD ալիքով, նաեւ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան ուղիղ հաղորդումով:
22 Օգոստոսին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է երկու մարզիկներուն մամլոյ ասուլիսը՝ մարզիչներուն մասնակցութեամբ։
«Երկար ժամանակ է լրջօրէն նախապատրաստուել եմ այս մենամարտին: Ինձ մօտ ամէն ինչ հինալի է: Վստահ եմ, յաղթելու եմ՝ իմ մարտարուեստի երկրպագուներին պարգեւելով դիտարժան մրցելոյ»չ, յայտնած է Արթուր Աբրահամ: Իր կարգին, հայ բռնցքամարտիկին մարզիչը՝ Ուլի Ուեկնըր շեշտած է, որ գոհ է մարզիկին վիճակէն:
Յիշեցնենք, որ այս տարի Արթուր Աբրահամ արդէն 2 յաղթանակ տօնած է՝ միջազգային մակարդակներու վրայ յաղթանակներ ապահովելով։ Արթուր Աբրահամ ծնած է 1980ի Փետրուար 20ին, Երեւան: Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ կը բնակի 2004էն: Հայաստանի քաղաքացի ըլլալու կողքին, ան ունի նաեւ Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն։ Իր մարզական ասպարէզին մէջ ունեցած է 37 մենամարտ, որոնցմէ 34ին ընթացքին յաղթած է՝ համաշխարհային դասակարգման ցանկերուն մէջ գրաւելով առաջատար դիրքեր: 4 տարի անընդմէջ (2006-2010) Աբրահամ ճանչցուած է Գերմանիոյ լաւագոյն բռնցքամարտիկ: Հայոց բանակին մէջ ծառայած արհեստավարժ բռնցքամարտիկը Հայաստանի զինուած ուժերու «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանակիր է։ 2011 թուականին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ պարգեւատրուած է առաջին աստիճանի մետալով՝ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար»։