
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նկատի ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներու թիւին աճը եւ Պիքֆայայի վանքին սահմանափակ կարելիութիւնները, Պիքֆայայի վանքին մէջ, մատրան կողքին սկսած է միաբանական նոր շէնքի մը կառուցումը՝ կաթողիկոսարանի ճարտարապետներու անմիջական հսկողութեան տակ:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ անոր հիմնօրհնէքը կատարուեցաւ շուրջ մէկ ամիս առաջ:
Միաբանական շէնքը պիտի բաղկանայ երեք յարկերէ եւ 40 ննջասենեակներէ: Շէնքը պիտի ունենայ նաեւ 550 խորանարդ մեթր տարողութեամբ մեծ ջրամբար: Շինարարութիւնը պիտի արժէ շուրջ 1.5 միլիոն տոլար: