
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) քաղաքին մէջ, աւելի քան 30 տարի չօգտագործուելուն պատճառով փլուզման վտանգի առջեւ յայտնուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ վերակառուցման աշխատանքները, որոնք սկսած էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ, ընթացքի մէջ են:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, եկեղեցւոյ գմբէթը քանդուած էր ազգայնամոլներու կողմէ, որովհետեւ անիկա քաղաքի ամենաբարձր դիրքը կը գրաւէր: Այդ պատճառով, եկեղեցւոյ զանգը եւս քանդուած էր: Պոլսոյ պատրիարքարանի ջանքերով՝ եկեղեցւոյ համար Մոսկուայի մէջ պատրաստուած է նոր զանգ մը, որ արդէն իսկ բերուած է Տիգրանակերտ ու այժմ կը գտնուի եկեղեցւոյ շրջափակը, իսկ շուտով պիտի տեղադրուի զանգակատան մէջ:
Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ հայկական համայնքին պատկանող ամենամեծ եկեղեցին է: Վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք, եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել այս տարուան Նոյեմբեր 4ին, որուն ընթացքին զանգը այդ հայկական եկեղեցիին մէջ պիտի հնչէ առաջին անգամն ըլլալով՝ 97ամեայ լռութենէ ետք: