ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ինչպէս հաղորդած էին նախապէս, Յուլիս 28-29ին հին տոմարով Վարդավառը տօնող խումբ մը հայ ուխտաւորներ բարձրացած էին Մարաթուկ սարը՝ մոմեր վառելու եւ աղօթելու համար արդէն իսկ կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող տեղւոյն Բարձր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Սակայն, ըստ տեղացիներէն ստացուած տեղեկութիւններուն՝ այս ուխտագնացութենէն ետք, 7 կամ 8 յանցագործներ բահերով ու բրիչներով փորձած են աւելիով քանդել կիսաւեր եկեղեցին, ու կառոյցին յաւելեալ վնասներ պատճառելէ ետք՝ փախուստ տուած են:
Այս տարուան ուխտագնացութեան մասնակցած էին նաեւ Հայաստանէն ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ եւ «Մարաթուկ» երգ ու պարի խումբը: