ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան ներկայ իրավիճակը աստիճանաբար կը վերածուի սպառնալիքի մը՝ Ատրպէյճանին համար. այս մասին յայտնած է ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչ Իպրահիմ Իպրահիմլի, ըստ որուն՝ Նախիջեւանը տեղացի բնակչութենէն պարպելու եւ շրջանը արտասահմանէն քիւրտերով բնակեցնելու յատուկ ծրագիր գոյութիւն ունի:
Իպրահիմլի ըսած է նաեւ, որ Նախիջեւանը շատոնց դարձած է Ատրպէյճանի իշխանութեանց «քաղաքական տարրալուծարանը», ամերիկեան Կուանթանամոյի բանտին օրինակով:
«Այս պատճառով, շրջանի մօտաւորապէս 450 հազար բնակիչներէն առնուազն 200 հազարը լքած է Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան տարածքը եւ այժմ կ՛ապրի Թուրքիոյ, Պաքուիի կամ Ռուսիոյ մէջ: Անոնց փոխարէն, Նախիջեւան կու գան Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համակիրներ՝ Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն: Աւելին, Նախիջեւանի մէջ կը նշուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադրութեան 20ամեակը: Այս բոլորը խիստ տագնապեցնող են», եզրակացուցած է Իպրահիմլի: