
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իսրայէլի տեղեկատուութեան եւ Սփիւռքի նախարար Եօուէլ Էտելշթայն պաշտօնական այցելութեամբ 23 Օգոստոսին ժամանեց Հայաստան: Այս մասին յայտնած է Կովկասի հայրենադարձութեան հարցերով Իսրայէլի դեսպան Ռոն Շեխտըր:
Ան դիտել տուած է, որ նախարարը պիտի մասնակցի Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի արձանագրութեան 20ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան: Այս առիթով հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Օգոստոսին Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ, որուն մուտքը ազատ է բոլոր այցելուներուն համար:
Կը նախատեսուի, որ նախարարը հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի մէջ եւ այցելէ տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան։
Հայաստանէն ետք պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Վրաստան եւ շարք մը այլ երկիրներ:
Հայաստանի մէջ հրեաներուն թիւը 800-1000 է: