ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամառնային արձակուրդ Հայաստանի մէջ անցընելու նպատակով 9 Օգոստոսին Հայաստան ժամանած դամասկոսահայ 125 երեխաներ 23 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8:00ին վերադարձան Սուրիա: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հարցերով զբաղող խումբի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան յայտնած է, որ թռիչքէն առաջ պատանիներուն տրամադրութիւնը բաւական բարձր էր։
Սուրիահայ երեխաները բաւական գոհ եւ ուրախ էին ոչ միայն Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարով, այլ նաեւ Հայաստանի տեսարժան վայրերով: Սուրիահայ Արտա Պողլուճեան առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ: Ան Հայաստանի մէջ անցուցած իր արձակուրդին ընթացքին մեծապէս տպաւորուած էր յատկապէս առաւօտեան մարզանքներէն։ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն Արտա յայտկապէս գրաւուած է Հայաստանի հոգեւոր կեդրոնով՝ Էջմիածինով: Պատանի սուրիահայը հաստատած է, որ անպայման կրկին կ՛ուզէ Հայաստան վերադառնալ։
Կարինէ Կիրակոսեանին համար բացառիկ գեղեցկութիւն ունի կապուտակ Սեւանը: Ճամբարի առօրեայէն ան յատկապէս կը յիշէ ամէնօրեայ պարերը, եւ հիացմունքով նշած է, որ շատ լաւ արձակուրդ անցուցած է Հայաստանի մէջ։ Իսկ Մայրենի Ալլերգիանը շատ սիրած է Գեղարդը. սփիւռքահայ աղջկան յատկապէս տպաւորած էր վանական համալիրի ստեղծման պատմութիւնը:
Հայրենիքի մէջ երկշաբաթեայ արձակուրդ անցուցած պատանիները նաեւ տխուր են, որովհետեւ ճամբարն ու Հայաստանը պիտի լքեն, բայց եւ այնպէս իւրաքանչիւրին սրտին մէջ մեծ փափաք կայ վերադառնալու։
Նշենք, որ սուրիական ապահովական անկայուն վիճակին պատճառով Հայաստանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ Հալէպէն եւ Դամասկոսէն երեք պատանեկան խումբեր Հայաստան եկան՝ երկու շաբաթ հոն մնալու եւ հայրենիքին ծանօթանալու։