Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ թիւով սկսած էինք ներկայացնելու այս կարեւոր հարցը՝ դպրոցներու վերամուրտի սեմին: Վստահ ենք, որ շատ ծնողներ իրենց զաւակներուն դպրոցները այս կամ այն պատճառով փոխած պէտք է ըլլան: Բաւական մտահոգիչ հարց կրնայ ըլլալ ասիկա, եթէ պէտք եղածին չափ սերտուած չըլլան առնուած քայլերը:
Կը շարունակենք ներկայացնել որոշ կէտեր՝ պարզացնելով իրավիճակը.
Ընկերային Յաջողութեան
Համար Անհրաժեշտ Հիմք
Պատրաստել
Ակադեմական մակարդակի պարագային՝ շատ յստակ նշուած կ՛ըլլան դպրոցի վարքագիծի մանրամասնութիւնները: Սակայն ընկերային կեանքի իմաստով իրականութիւնը քիչ մը աւելի բարդ է ու անորոշ: Երբ երեխան դպրոց մը կ՛արձանագրուի որպէս նոր աշակերտ, գրքոյկով մը կ՛իմանայ անոր դասածրագիրին ու կրթական մակարդակին մասին: Ամէն պարագայի, կան շատ հնարաւորութիւններ, որոնց միջոցով ծնողք մը կրնայ դիւրացնել երեխային՝ դպրոցական նոր կեանքին ընտելանալու ընթացքը:
Կրնաք ձեր երեխաները տեղաւորել աշակերտական խմբակներու մէջ, որպէսզի արագ ընտելանան: Այս պարագային, անշուշտ, նկատի պիտի առնէք երեխաներուն բնաւորութիւնները. ի հարկէ, պիտի չփափաքիք ձեր երեխան տեսնել այնպիսի ընկերային միջավայրի մը մէջ, որ ոչինչ կրնայ նշանակել երեխային համար: Դպրոցական նոր միջավայրի մէջ, անցումային օրերու ընթացքին պիտի չփափաքիք տեսնել ձեր զաւակը ընկերական անցումային շրջանակի մը մէջ:
Բացի դասարանային կեանքէն՝ անհրաժեշտ է որ աշակերտները իրենց ընկերային կեանքը կազմեն նաեւ արտադասարանային աշխատանքներով: Մարզական ակումբներով, եկեղեցական խումբերով կամ այլ ձեւի աշխատանքներով թող հարստանայ ձեր զաւակին ընկերային կեանքը:
Դպրոցը սկսելէ առաջ կայացող ընդհանուր դպրոցական շրջապտոյտը անհրաժեշտ է նաեւ իմանալու համար տարբերութիւնները, ոչ որովհետեւ անոնք կրնան շատ բան նշանակել, բայց առնուազն՝ իբրեւ ծնողք անոնց մասին իմանալով՝ պիտի կարենաք բոլոր մանրամասնութիւնները ու տարբերութիւնները փոխանցել ձեր զաւակին, որպէսզի երեխան պատրաստ ըլլայ զանոնք դիմաւորելու եւ ի հարկին դիմագրաւելու: Առնուազն մէկ օր առաջ նոր աշակերտը իրաւունք պէտք է ունենայ դպրոցը այցելելու, որպէսզի աւելի հեզասահ ընթանայ տարեշրջանը: Այսպիսով, երբ իսկական դպրոցական օրը գայ, ան որոշ բաներ գիտցած կ՛ըլլայ արդէն իր դպրոցին մասին ու, բնականաբար, սիրով պիտի ուզէ ուղղուիլ վարժարան:
Լաւ կ՛ըլլայ նաեւ, եթէ դպրոցի շրջապտոյտէն ետք առանձնանաք ձեր զաւակին հետ ճաշի մը վրայ, կամ ընտրէք իրեն հաճելի թուացող վայր մը, ուր կարելի է միասնաբար զրուցել, հաճելի մթնոլորտ ստեղծել եւ զգացնել երեխային, թէ ինք շատ կարեւոր էութիւն մըն է ձեզի համար եւ թէ այդ էր պատճառը այս փոփոխութեան՝ աւելի յարմարաւէտն ու լաւագոյնը հայթայթել իրեն: Այսպէս, յաջորդ օրը ձեր զաւակը նոյն տրամադրութեամբ ու խանդավառութեամբ պիտի ուղղուի դէպի դպրոց:
Դպրոցական շրջանի սկիզբը արդէն ծնողքը իր պարտականութիւնները կատարած պէտք է ըլլայ՝ կարգ մը հարցումներ հարցնելով ու համապատասխան դասաւորումներ կատարելով դպրոցին ու ուսուցիչներուն հետ: Արդեօ՞ք կարելի է երեխաներուն հետ ճաշին մասնակցիլ՝ իբրեւ ծնողք: Կամ կամաւոր աշխատանքի հնարաւորութիւնները ինչիսի՞ն են: Յատկապէս կամաւոր աշխատանքը շատ բան կը վարժեցնէ ծնողքին՝ դպրոցի իրավիճակին մասին: Լաւ է ուսուցիչներուն հետ հանդիպումներ ծրագրել նախապէս, գոնէ ամիսը անգամ մը, որպէսզի ընթացքը իմանաք եւ թերութիւնները տեղւոյն վրայ սրբագրէք: Այս իմաստով, թղթաբանութեան որոշ մանրամասնութիւններուն եւս տեղեակ պէտք է ըլլայ ծնողքը, այսինքն՝ իմանայ ընդհանուր համակարգային իրավիճակին, արժէչափորոշիչներու հիման վրայ պատրաստուած քննութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ նիշերու դասաւորումը եւ նմանօրինակ զանազան իրականութիւններ:
Վերջապէս, որպէս ծնողք՝ ձեր երեխային մասին շատ հակիրճ ու որոշ չափով առարկայական տեղեկութիւններ փոխանցեցէք ուսուցիչին: Օրինակ՝ «Որպէս ծնողք գիտեմ, որ երեխաս շատ լաւ է գիտական առարկաներու մէջ, սակայն շատ կարդալ չի սիրեր»: Այսպիսով, ուսուցիչը տեղեակ կ՛ըլլայ իրականութեան եւ մասնագիտական մօտեցումով կրնայ օգտակար դառնալ այդ մարզէն ներս, ուր երեխան օգնութեան կը կարօտի: Իբրեւ ծնողք, պարտաւոր էք երեխային ուսումնական ու կրթական բոլոր մանրամասնութիւնները պարկեշտօրէն փոխանցելու նոր ուսուցիչին: Այս պարագային, ծածկելը կամ շրջելը կրնայ միայն վնասել երեխային: Տկարութիւնները եւ զօրութիւնները համահաւասար նշեցէք ուսուցիչին: Վստահ եղէք, որ ան քանի մը շաբաթէն արդէն պիտի ճանչնայ ձեր երեխային նկարագրային ու կրթական մանրամասնութիւնները՝ անոր ունեցած թերութիւններով ու լաւ յատկութիւններով:
Վերամուտի գեղեցիկ օրերը իսկապէս դարձուցէք արդիւնաւէտ ու շահեկան: Թոյլ մի տաք խախտումներու: Յաջող սկիզբը յաջող աւարտ կը նշանակէ: Ձեր թանկագին զաւակներուն համար պատրաստ էք ամէն բան կատարելու, ամէն զոհողութիւն յանձն առնելու, սակայն երբեմն, ապատեղեկութեան պատճառով, ակամայ վնաս կրնաք հասցնել ձեր զաւակին: