ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի հանգուցեալ բարերար Ճան Սթիվընսի իշխանավայել նուիրատուութեան շնորհիւ, Հայաստանի Բերդ քաղաքին մէջ սկսած է կառուցուելու Սուրբ Գէորգ Զօրավար եկեղեցին, որուն ծախսերուն կը մասնակցի նաեւ քաղաքին համայնքը: Ծուխին հոգեւոր հովիւն է Արամ քհնյ. Միրզոյեան: Շինարարութիւնը մեծ թափով կը շարուանկուի Ս. Էջմիածնի ճարտարապետաշինարարական բաժինի վերահսկողութեամբ: Եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուած է Մայիս 20ին, Տաւուշի թեմի նոր նշանակուած առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանի ձեռամբ, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներու եւ ի ներկայութիւն Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանի, Բերդի քաղաքապետ Անդրանիկ Շառեանի, պաշտօնատար այլ անձերու եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու: Քաղաքի տարեցներու խորհուրդով, եկեղեցին պիտի անուանակոչուի Սուրբ Գէորգ: Նախապէս Բերդ քաղաքին մէջ նոյն անունով եկեղեցի եղած է, որ կառուցուած է 1680ին, սակայն 1930ականներուն, ի թիւս ա՛յլ եկեղեցիներու, հիմնայատակ կործանուած է:
Արամ քհնյ. Միրզոյեան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին գրած նամակով իր խորին երախտապարտութիւնը կը յայտնէ, որ իր բարեխօսութեամբ հանգուցեալ Ճան Սթիվընս յանձն առած էր կառուցումը եկեղեցւոյ:
2007ին Ֆրեզնոյի մէջ մահացած Ճան Սթիվընս Ս. Էջմիածնի, Արեւմտեան թեմիս առաջնորդարանի եւ այլ հաստատութիւններու բարերար եղած է ու պատասխանատու պաշտօններ վարած է Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Ան արժանացած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ա. կարգի շքանշանին: