ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայ երաժշտութեան բարեկամներու վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յունիս 24ին, կ.ե. ժամը 3ին տեղի ունեցաւ իւրայատուկ համերգ մը Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ, ուր կատարողները իրենց տաղանդով հիացուցին ներկաները:
«Աստղեր»ու այս համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին համալսարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցի այն շրջանաւարտները, որոնք կրթանպաստներ ստացած են Հայ երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութենէն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Այրին Արաթոնի, Օտրի Կրեկըրիի ու Էլիսա Թաշճեանի ջանքերով:
Այրին Արաթոնի բացման խօսքէն ետք, համերգի մասնակցող արուեստագէտները ելոյթներ ունեցան՝ հետեւեալ շարքով.
Այրին Յարութիւնեան (կիթար), Կարինէ Աւագեան (երգ), Գարիկ Թէրզեան (թաւջութակ), Լուսի Նարկիզեան (դաշնակ), «Էլիզիր» եռեակի անդամներ՝ Սամուէլ Չիլինկարեան (ջութակ), Լուսի Նարկիզեան (դաշնակ) ու Գարիկ Թէրզեան, Մարինա Մանուկեան (ջութակ), Մարինա Տէր Ղազարեան (երգ), Անճելա Չօլաքեան (դաշնակ) եւ Վաչէ Մանկրեան (դաշնակ):
Վերջին երկու կատարողները միասնաբար նուագելով Արամ Խաչատրեանի «Մեսքըրէյտ»էն վալս մը՝ վերջակէտ դրին հանդիսութեան:
Աւարտին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայ երաժշտութեան բարեկամներու վարչութիւնը 2012-2013 տարեշրջանին համար կրթանպաստներ յանձնեց հետեւեալ ուսանողներուն. Ալին Ադամեանի, Սեւան Տեքմէզեանի, Սթեֆընի Արիստաքէսեանի, Ծովիկ Մարգարեանի, Քարա Ֆէսճեանի, Վաչէ Մանկրեանի, Սեւան Յովսէփեանի եւ Լիա Մելիքեանի: