
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Զանգակ» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցած է սփիւռքի միօրեայ հայկական դպրոցներուն համար նախատեսուած «Այբբենարան», «Արեւմտահայերէնի դասագիրք. ընթերցարան 1» եւ «Արեւմտահայերէնի դասագիրք. ընթերցարան 2» դասագիրքերու փորձառական օրինակներու շնորհահանդէսը:
Դասագիրքերու շնորհահանդէսին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսած է. «Դարեր շարունակ պետականութիւնից զուրկ տարածքում գործելով՝ արեւմտահայերէնը, սփիւռքեան կազմակերպութիւնների, անհատների ջանքերով է պահպանուել ու փոխանցուել սերնդէ սերունդ: Ժամանակի ընթացքում ստեղծուել են դասագրքեր: Սակայն անկախութեան ձեռքբերումից ի վեր մեր լեզուի կարեւորագոյն ճիւղերից մէկը պէտք է լինէր պետութեան ուշադրութեան կենտրոնում: 2010 թուականին Ծաղկաձորում կայացած «Արեւմտահայերէնի ուսուցման հիմնախնդիրները Սփիւռքում» գիտագործնական համաժողովին ընթացքում առաջադրուած հիմնախնդիրների, Սփիւռքում տիրող իրավիճակի քննարկման արդիւնքում ստեղծուեց աշխատանքային խումբ, որն էլ պատասխանատուութիւն վերցրեց ստեղծել դասագրքերը»:
Ան դիտել տուաւ, որ նոր դասագիրքերը ստեղծուած են արեւմտահայերէնի միեւնոյն քերականական, ուղղագրական եւ ուղղախօսական սկզբունքներու հիման վրայ:
Դասագիրքերու պատրաստութեան մասնակցած են նաեւ արեւմտահայերէնի սփիւռքեան եւ հայաստանեան մասնագէտները: Անոնք արդէն իսկ առաքուած են սփիւռքի ազգային վարժարաններ, հայկական միօրեայ կրթական հաստատութիւններ: Փորձառական շրջանէն ետք պէտք եղած ուղղումներն ու փոփոխութիւնները պիտի կատարուին, եւ լոյս պիտի տեսնէ վերջնական տարբերակը։
«Զանգակ» հրատարակչութեան տնօրէն Սոկրատ Մկրտչեան դասագիրքերու տպագրութիւնը նկատած է հիմնական առանցք մը, որուն շուրջ պէտք է համախմբուիլ։ Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Եուրա Աւետիսեանը յայտնած է, որ տարբեր գիրքերու համադրման կը միտի այս քայլը։
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան գիրքերու հրատարակութիւնը կարեւոր քայլ մը նկատած է՝ դիտել տալով, որ 10 տարիէ ի վեր նման ծրագիրի մասին կը խօսուէր, իսկ այսօր արդէն իրականութիւն դարձած է։
Հալէպի «Մխիթարեան» վարժարանի ուսուցչուհի Ալին Բանոյեան յուզումով եւ ուրախութեամբ երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ դասագիրքերը ստեղծող աշխատակազմին՝ նշելով, որ տարուած աշխատանքին արդիւնքը պիտի վայելեն աշխարհասփիւռ հայ մանուկները:
Շնորհահանդէսին ներկայ եղած են լեզուաբաններ, գիտնականներ, սփիւռքահայ ուսուցիչներ: