ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- 2012ի սկիզբէն մինչեւ 27 Օգոստոս Հայաստանի մէջ գաղթականի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքով Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան պետական ծառայութեան դիմած են 132 օտար քաղաքացիներ: Այդ մասին «Փաստինֆօ»ին տեղեկութիւններ փոխանցած են գաղթականութեան պետական ծառայութեան ապաստանի հարցերու բաժանմունքէն։
Գաղթականի կարգավիճակ ուզողներուն 90ը Սուրիայէն են, 12ը՝ Իրաքէն: Երկու պարագային են դիմողները հայեր են կամ ազգութեամբ հայերու օտարազգի ամուսիններ: Մնացած 30 դիմում ներկայացնողները հայեր չեն, ափրիկեան կարգ մը երկիրներէ եւ Իրանէն քաղաքացիներ։
Հայաստանի մէջ գաղթականի կարգավիճակ ունենալ ուզող ափրիկեցիներուն մեծամասնութիւնը Լիպիայէն եւ Քոնկոյէն են: Վերջին ամիսներուն յատկապէս, նմաններուն թիւը աճած է։
Ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին մերժուած են կարգ մը դիմումներ, որոնց կարգին են Իրանէն, Քոնկոյէն քաղաքացիներ եւ Թուրքիայէն դիմած ազգութեամբ քիւրտ մէկ քաղաքացի: Երկրորդ կիսամեակին ներկայացուած դիմումները կը քննարկուին։
Նշենք, որ 2011ին ստացուած է 73 դիմում, որոնցմէ միայն 9ը՝ ափրիկեան երկիրներէն։ Մնացածներուն 38ն եղած են Իրաքէն, 16ը՝ Իրանէն, 6ը՝ Սուրիայէն: Գաղթականի կարգավիճակ խնդ-րող 73 դիմումներէն 48 հատը ընդունուած են, մնացեալը՝ մերժուած։
Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ գաղթական նկատուած եւ ապաստան ստացած անձը կ՛օգտուի Հայաստանի պաշտպանութենէն: Անոր կը տրուի Հայաստանի մէջ առանց ժամանակային սահմանափակման օրինական բնակութեան իրաւունք: