ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի բանակին համաձայն՝ սահմանային դիրքերը պաշտպանող ատրպէյճանցի սպայ մը՝ Պայրամով Մուշքիք Իլհամ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին սպաննուած է, հայկական դիրքերու կողմէ եկած կրակոցներու հետեւանքով: Սպան վիրաւոր վիճակով հիւանդանոց փոխադրուած է, սակայն կարելի չէ եղած անոր կեանքը փրկել:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Թարթարի սահմանագիծին վրայ: