
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան միջեւ գոյացած համագործակցութեան ընդլայնման հարցերու քննարկում կատարուած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին:
Ողջունելով դեսպանը՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան բարձր գնահատած է մայրաքաղաքի զարգացման ծրագիրներուն նկատմամբ Ճոն Հեֆըրնի դրսեւորած ուշադրութիւնը, որ շօշափելի կը դառնայ գործնական քայլերով ու անձնական մասնակցութեան աշխոյժ կեցուածքով:
«Մենք մշտապէս ողջունում ենք բոլոր այն անհատների ու կառոյցների նախաձեռնութիւնները, որոնք այս կամ այն կերպ նպաստում են մայրաքաղաքային տնտեսութեան որոշակի ոլորտներում զարգացումների արագ ու արդիւնաւէտ կազմակերպումը: Այս առումով կարող եմ վստահեցնել, որ քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ է իր լիազօրութիւնների շրջանակում աջակցել ի նպաստ Երեւանի կատարուող բոլոր նախաձեռնութիւններին», դիտել տուած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ համագործակցութեան ընդլայնման գծով ցուցաբերուած պատրաստակամութեան համար՝ Ճոն Հեֆըրն քաղաքապետին հետ քննարկած է 15 Սեպտեմբերին կայանալիք «Մենք կարող ենք» խորագիրով նախաձեռնութեան առաջարկը, որուն համաձայն, դեսպանատան աջակցութեամբ կը նախատեսուի բնութեան գիրկը եւ պատմամշակութային վայրերու ու կոթողներու յարակից տարածքներուն մէջ կուտակուած աղբի մաքրութեան միօրեայ աշխատանք իրականացնել։ Դեսպանը նշած է, որ նախաձեռնութեան հեղինակները երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներն են, որոնցմէ մէկուն՝ «Երիտասարդ կենսաբաններ» միութեան նախագահ Արսէն Գասպարեան, որ կ՛ընկերակցէր դեսպանին, քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուցած է այդ արշաւին մանրամասութիւնները: Վերջինը վստահեցուցած է, որ աշխարհին մէջ արդէն բաւական լայն տարածում գտած կամաւորական այս շարժումը քաղաքապետարանի հետ համադրաբար յաջողութեամբ պիտի իրականացուի նաեւ Երեւանի մէջ՝ ընդգծելով, որ արդէն շարժումին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են աւելի քան քառասուն հասարակական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներ ու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ:
Ողջունելով նախաձեռնութեան գաղափարը՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս հաստատած է, որ քաղաքապետարանը բաց եւ պատրաստակամ է համագործակցելու բոլոր այն կառոյցներուն հետ, որոնք իրենց նպաստը կրնան բերել Երեւանի աւելի եւս գեղեցկացման ու բարեկարգման: Մաքրութեան արշաւին աջակցելու ծիրին մէջ, քաղաքապետը վստահեցուցած է, որ նկատի առնուած տարածքներու մաքրութեան աշխատանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ Երեւանի սան (առողջապահական) մաքրման ձեռնարկութիւններն ու քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող այլ կառոյցները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանին կողմէ արշաւին մասնակիցներուն պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ բոլոր գոյքերն ու սարքերը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքապետին՝ նաեւ այս առնչութեամբ ցուցաբերած աջակցութեան եւ պատրաստակամութեան համար, Ճոն Հեֆըրն իր կարգին վստահեցուցած է, որ դեսպանատունը եւս մնայուն կերպով մասնակից ու աջակից պիտի ըլլայ նմանատիպ նախաձեռնութիւններու իրականացման:
Մայրաքաղաքի տնտեսութեան արդիւնաւէտ կառավարման հարցին մէջ հասարակութեան դերակատարութեան կարեւորութեան անդրադառնալով՝ Տարօն Մարգարեան դեսպանին ներկայացուցած է նաեւ քաղաքապետին կից գործող քաղաքաշինական խորհուրդի կազմին մէջ վերջերս ձեւաւորուած յանձնաժողովներու գործունէութիւնը։ Ան նշած է, որ անոնց մէջ կայ նաեւ երիտասարդութեան յանձնաժողովը, որ կ՛ապահովէ հասարակութեան տարբեր խաւերու տեսակէտներու եւ առաջարկներու առաւել ամբողջական դիրքորոշման դրսեւորումն ու փոխընդունելի որոշումներու կայացումը: