
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան չափազանցուած կը համարէ տարածուած այն լուրերը, ըստ որոնց՝ սուրիահայերը զինուած են եւ սուրիական բանակին հետ կը պաշտպանեն հայկական թաղամասերն ու իրենց տուները:
«Ես կարծում եմ, որ այդ լուրերը չափազանցուած են: Իրականութիւնն այն է, որ սահմանափակ հնարաւորութիւններով փորձում են հայկական հաստատութիւնները, իրենց բնակուած, բնակելի տները զերծ պահել, այսպէս ասած… այս ընթացքի մէջ նաեւ կան բաշիբոզուկներ, կան թաղային խուլիգաններ, յանցագործ տարրեր՝ դրանցից ապահովել իրենց բնակարանները եւ իրենց շինութիւնները: Բայց մասնակցել այս ամէն ինչին այդպիսի բան գոյութիւն չունի», ըսած է Մարգարեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի խօսքերով՝ սուրիահայերը տուեալ երկրի քաղաքացիներն են, կրնան ունենալ տարբեր դիրքորոշումներ, կրնան ըլլալ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան հետ, բայց համայնքը իբրեւ հաւաքականութիւն, այս բոլորին մէջ չէզոքութիւն կը պահպանէ «այն առումով, որ պատերազմը, կռիւը, եղբայրասպան կռիւը չի կարող ընդունի իբրեւ ելք այս վիճակից դուրս գալու, եւ ինքը առանձնաբար չպէտք է փորձի որեւէ կողմի համար թիրախ դառնալ»:
Մարգարեան ցաւալի կը նկատէ, որ այդ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին նաեւ հայեր կը զոհուին, սակայն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին վրայ, որ Սուրիոյ մէջ, բարեբախտաբար, որեւէ հակահայկական շարժում, հակահայկական գործողութիւն դեռեւս չկայ: Իսկ ինչ վերաբերի սուրիական ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքի հասցէին ուղղուած սպառնալիքներու մասին տեղեկութիւններուն, Հրանդ Մարգարեան կը կարծէ, որ «դա ընդդիմութեան մէկ խմբակ էր, ոչ թէ ամբողջ ընդդիմութիւնն էր, եւ ընդդիմութիւնն իր ընդհանրութեան մէջ հերքեց այդ լուրը ասաց, որ իր հետ կապ չունի»: