
Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ անդրանիկ պատարագը մատուցուած է Ապրիլ 1985ին, այդ օրերու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի կողմէ, անսալով համայնքէն կատարուած շարունակական կոչերուն, յատկապէս՝ Անդրանիկ Օզպաղ Զօրայեանէն: Աւելի քան 500 հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած անդրանիկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարած է «Խաչատուրեան» դպրաց դասի երգչախումբը:
Անդրանիկ պատարագէն ետք, առաջնորդը նշանակած է եկեղեցւոյ առաջին Ծխական խորհուրդը, որ ստանձնած է ծուխը կազմակերպելու աշխատանքը: Ծխական խորհուրդի առաջին նիստը գումարուած է Փօլ եւ Ռօզ Խաչիկեաններու բնակարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ առաջնորդին, իսկ անոր ընթացքին Ծխական խորհուրդի առաջին ատենապետը ընտրուած է Փօլ Խաչիկեանը: Ապա որոշուած է ծուխը կոչել՝ Նիւփորթ Պիչի Հայց. առաքելական եկեղեցի, որմէ ետք առաջնորդը նաեւ նշանակած է ծուխի առաջին տիկնանց միութիւնը, ատենապետութեամբ՝ Ռօզ Գասգավալճեանի:
Նախնական տարիներուն, ամսական դրութեամբ պատարագներ մատուցուած են այցելու կրօնականներու կողմէ, օժանդակութեամբ «Խաչատուրեան» եւ «Կոմիտաս», ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու երգչախումբերուն: Նաեւ, եկեղեցին ամսական դրութեամբ հրատարակած է իր թերթը՝ համայնքին տեղեակ պահելու համար իր գործունէութեան մասին:
Եկեղեցւոյ յարմար շէնքի մը տիրանալու հրամայականը մղած է հաստատելու երկու յանձնախումբեր, որոնցմէ առաջինը՝ շինութեան յանձնախումբը, իբրեւ ատենապետ ունցած է Ճիւան Գալֆայեանը, իսկ երկրորդը՝ յիշատակի շինութեան հիմնադրամի յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ Անդրանիկ Զօրայեանի: Մինչ առաջինին պարտականութիւնն էր գտնել յարմար հողատարածք մը կամ կառոյց մը, երկրորդին պարտականութիւնն էր նման կալուած մը գնելու նիւթական միջոցները ապահովել: Այս շրջանին, ծուխը սկսած էր իր պատարագները կատարելու Քորոնա Տել Մարի մէջ գտնուող «Ս. Միշել» եկեղեցւոյ մէջ: Այս ամիսներուն էր, որ սկսած է կազմուելու եկեղեցւոյ երգչախումբը:
1988ին, ներկայ եկեղեցւոյ կալուածը ծախու դրուած է մէկ միլիոն տոլար արժէքով, եւ առաջնորդը, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ երկու յանձնախումբերը, համաձայն գտնուած են զայն գնելու գաղափարին: Այս հարցը քննելու նպատակով կանչուած ծխական անդամական արտակարգ ժողովը քուէներու մեծամասնութեամբ որոշած է գնել կալուածը, իսկ զայն գնելու համաձայնութիւնը կնքուած է 1989ի Մարտին:
Կալուածին գնումը նոր խանդավառութիւն մը ստեղծած է ծուխին մէջ՝ բազմապատկելով անոր գործունէութիւնը ու նուիրատուութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է կալուածը սեփականացնել եօթը տարուան ընթացքին, միաժամանակ՝ մարմարեայ խորան եւ մոմակալներու անկիւններ կառուցելով:
Առաջնորդը ծուխի առաջին հոգեւոր հայրը նշանակած է Մուշեղ քհնյ. Թաշճեանը, որ իր պարտականութիւնը ստանձնած է Ապրիլ 1992ին: Յունիս 13-14ին տեղի ունեցած արարողութիւններու ընթացքին, առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան կատարած է եկեղեցւոյ օծումը՝ զայն վերակոչելով Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցի, անսալով եկեղեցւոյ կնքնահայրեր Ճիւան եւ Բինա Գալֆայեաններու փափաքին:
Առաջնորդութեամբ Մուշեղ քհնյ. Թաշճեանին ու ծուխի հաւատացեալներուն, եկեղեցին աստիճանաբար դարձած է Օրենճ Քաուն-թիի հայութեան կարեւր կեդրոններէն մէկը: Համայնքը ամուր հիմերու վրայ դնելու նպատակով հաստատուած են Կիրակնօրեայ վարժարանը, Շաբաթօրեայ հայկական վարժարանը (տնօրինութեամբ ՀԲԸՄի Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղին), երիտասարդական կազմակերպութիւնը եւ «Զուարթնոց» երիտասարդական երգչախումբ-պարախումբը:
Համայնքը պատմական եւ ժամանակակից հարցերուն իրազեկ պահելու նպատակով կազմուած է նաեւ մշակութային յանձնախումբ մը, իսկ ընկերային յանձնախումբը հանդիսացած է ընկերային հաւաքներու կազմակերպման ու նիւթական միջոցներ ապահովելու կարեւոր գործիք մը:
Պատուելու համար եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրերու առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, որոշուած է եկեղեցւոյ երգչախումբը կոչել «Ս. Աստուածածինի Յովսէփեան երգչախումբ»:
1997ին, կառուցուած է եկեղեցւոյ զանգակատունը՝ եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը աւելի հայկական դարձնելով, իսկ 2000ին հաստատուած է եկեղեցւոյ հիմնադրամը, որ պատասխանատու է ծխական անդամական ժողովին, իբրեւ գլխաւոր պարտականութիւն ունենալով եկեղեցւոյ նիւթական կայունութեան պահպանումը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամը, առաջնորդութեամբ աշխարհահռչակ ճարտարապետ Արամ Պասէնեանի, առաջադրած էր եկեղեցին ընդարձակել, որուն համար ալ հարկաւոր էր եկեղեցւոյ կից կալուածներու գնումը: Ծխական անդամական ժողովի եւ առաջնորդարանի հաւանութեամբ, մօտակայ կալուածներուն մէկ մասը արդէն իսկ կարելի եղած է գնել, իսկ ընդարձակման ծրագիրը պիտի ամբողջանայ մնացեալ կալուածներու ապահովումէն ետք:
Համայնքի կարիքներուն գոհացում տալու նպատակով մէջտեղ եկած են նաեւ «Մայրեր եւ երեխաներ» ու «Տէր եւ տիկին» ծրագիրները՝ իրարու քով բերելով համայնքի երիտասարդ մայրերը եւ նորապսակ զոյգերը:
Ներկայ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ընտրութիւնը զգալի ազդեցութիւն ունեցած է Ա-րեւմտեան թեմի զանազան ծուխերու հոգեւոր զարթօնքին վրայ: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագային, շեշտը դրուած է երիտասարդութիւնը ներգրաւելու աշխատանքին վրայ՝ զանոնք դարձնելով գործօն մասնակիցներ, իբրեւ Ս. խորանի սպասարկողներ եւ երգչախումբի անդամներ: Ձեռնադրուած են շարք մը դպիրներ եւ սարկաւագներ, ո-րոնք հաւատարմօրէն կը ծառայեն եւ կ՛օգնեն հովիւին, Ս. պատարագի ընթացքին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հարուստ պատմութիւնը կարելի չէ սեղմել այս հակիրճ պատմութեան մէջ: Ծուխին անդամները, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ կնքած է իր մահկանացուն, իրենց տաղանդները, ժամանակն ու նիւթականը ի սպաս դրած են եկեղեցւոյ բարգաւաճման, որուն համար խորապէս երախտապարտ ենք: Ապագան կը դիտենք վստահութեամբ՝ գիտնալով, որ եկեղեցին հոն կանգուն պիտի մնայ, հասնելու համար Օրենճ Քաունթիի հայութեան կարիքներուն:
(Քաղուած դոկտ. Վահրամ Պիրիճիքի համադրումէն)
======================================================================================
======================================================================================