ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի հայասպան ոճրագործը այսպէս՝ օր–ցերեկով միջ–պետական կաշառքով ազատ արձակելու հունգարեւատրպէյճանական նորայայտ գործարքը մեր դարու այն կեղտաջրուած մետալներէն է, որոնք միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց կամակոր ոտնակոխման ամօթանքով կը խարանեն քաղաքակիրթ մարդկութեան ճակատը։
Եւրոպայի ծոցին մէջ եւ միջազգային հանրային կարծիքի սահմռկած աչքերուն առջեւ պարզուած գայթակղութիւնը փաստօրէն սկիզբ ունի, բայց ոչ վերջ ունի եւ ոչ ալ կրնայ, այսպիսով ու այսքանով, փակուած համարուիլ ու մոռցուիլ։
Որոշապէս հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ, ուր մնաց ներել ազգային ատելութեան հողի վրայ, հայատեացութեա՛ն մոլուցքով գործուած գազանային մարդասպանութիւնը եւ անոր ցմահ դատապարտելի ոճրագործը, որ ահա մեր աչքերուն առջեւ ոչ միայն անպարտ հռչակուած ու ազատ արձակուած է, այլեւ՝ ազգային հերոսի դափնիներով զարդարուած, իբրեւ ներշնչման աղբիւր կը ծառայեցուի հայու արեան ծարաւ համաթրքական մոլեռանդութեամբ սնուցանուող սերունդներուն…
Ութ տարի առաջ, Հունգարիոյ մէջ, ՆԱԹՕի կողմէ կազմակերպուած բազմազգեան սպայից վարժեցման ծրագրի մը ընթացքին, հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահար սպաննած ատրպէյճանեան բանակի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը, իր դատավարութեան ընթացքին թէ այնուհետեւ, ամենայն լկտիութեամբ միշտ յայտարարեց, որ երբեք չի զղջար հայ սպաննած ըլլալու իր գազանաբարոյ ոճիրին համար։
Այս աստիճան հակահայ ու հայասպանական թրքամոլութիւնը սանձելու եւ զայն քաղաքակիրթ աշխարհի արժէքային համակարգին առջեւ ծունկի բերելու մղումով է, ահա՛, որ հունգարեւատրպէյճանական մեղսակցութեամբ ազատ արձակուած ատրպէյճանցի բանակայինը իր արդար պատիժին վերադարձնելու համահայկական բողոքի շարժումն ու համատարած ճնշումի քայլերը դադար ու դեդեւում պիտի չունենան, մինչեւ որ հասնին իրենց արդարադատ նպատակին։
Հայ ժողովուրդին ազգային արժանապատուութեան զգացումը եւ իրաւատէր ու պետականատէր ազգի արժանաւորութիւնը խորապէս խոցուած են։ Արցախը իրողապէս ազատագրած եւ ազատ ու անկախ Հայաստանը վերականգնած մեր ժողովուրդին չեն կրնար մխիթարել, բնականաբար, Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց անընդունելի գործարքը դատապարտող միջազգային ընտանիքի դժգոհանքի յայտարարութիւնները։ Մ. Նահանգներու գլխաւորութեամբ քաղաքական աշխարհը ղեկավարող մեծապետական ուժերը իրենց մէջ բաւարար ուժ պէտք է գտնեն, որպէսզի Միջազգային Օրէնքի, Իրաւունքի եւ Արդարադատութեան հանդէպ յարգանք պարտադրեն՝ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած հայասպան ոճրագործը գործնապէս իր պատիժին վերադարձնելով։
Տարբեր ճանապարհ չկայ իրաւական ու արդարադատ աշխարհակարգի ստեղծման ու պահպանման համար։
Ի վերջոյ պէտք չէ մղել անիրաւուած ու ազգային ատելութեան զոհ դարձած ժողովուրդները, յատկապէս քսաներորդ դարու առաջին եւ ցարդ անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդը, որպէսզի Թեհլիրեանական աւանդով դիմեն արդարադատութիւնը սեփական ձեռքերով պարտադրելու յուսահատական քայլին։
Այսքանը անմիջականօրէն տեսանելի երեսն է Հունգարեւատրպէյճանական գործարքին ամօթալի մետալին, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն իր բերած մեղսակից մասնակցութեամբ, լրատուամիջոցներու կատարած բացայայտումներուն համաձայն, դարձեալ «փայլեցաւ» նոյնինքն թուրք պետական դիւանագիտութիւնը։
Իսկ հոն, ուր թրքական պետութեան մատը խառն է, պատրաստ պէտք է ըլլալ յոռեգոյն հաւանականութեանց։
Այդ առումով ալ Միջազգային Օրէնքի, Արդարադատութեան, Մարդկային Իրաւանց եւ, յատկապէս, Հայ Ապրելու Իրաւունքին ոտնակոխումը խորհրդանշող հունգարեւատրպէյճանական մետալը ունի նաեւ – ու մանաւա՛նդ – իր միւս՝ տակաւին անհրաժեշտ չափով լուսարձակի տակ չառնուած մո՜ւթ երեսը։
Խօսքը կը վերաբերի պետական ահաբեկչութեան մեծագոյն չարիքին, որ ոչ միայն անպատիժ կը կիրարկուի նաեւ մեր օրերուն, այլեւ ու անպատիժ մնալուն պատճառով իսկ շարունակ կ՛արժանանայ «իրաւական կատարելագործում»ի։
Չարիքը համաշխարհային տարողութիւն ունի եւ անպատիժ կը մնայ, եթէ պետական ահաբեկչութիւն կիրարկող կառավարութիւնը կա՛մ յաղթական ուժ է, կամ ալ կը վայելէ անպարտելի ուժի մը զինակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը։
Այսինքն՝ Անտառի Օրէնքին վրայ հիմնուած միջազգային գործարկում մըն է պետական ահաբեկչութիւնը։ Ինչպէս որ ուժը իրաւունք կը ստեղծէ, այնպէս ալ ուժեղին գործադրած պետական ահաբեկչութիւնը իրաւականօրէն անպատիժ կը մնայ։
Անշուշտ որ Միջազգային Օրէնքով իրաւական ամբողջ դաշտ մը մշակուած է՝ կանխարգիլելու համար ահաբեկչութեան բոլոր եղանակները, այդ շարքին նաեւ պետական ահաբեկչութիւնը։ Բայց ինչպէս որ սովորաբար Օրէնքը կը ծառայէ տկարները հակակշիռի տակ պահելու նպատակին՝ զօրաւորին ի սպաս Օրէնքը շրջանցելու իրաւական ճեղքեր բաց ու գործածական պահելով, այնպէս ալ պետական ահաբեկչութիւնը կանխարգիլող եւ պատիժի արժանացնող Օրէնքներու կողքին կը մշակուին ու կը կատարելագործուին Արդարադատութիւնը շրջանցելու իրաւական հնարաւորութիւնները։
Սաֆարովի հայասպանական ոճրագործութիւնը միայն ձեւականօրէն պատժելու եւ ըստ ամենայնի, քանի մը տարի ետք, մարդասպանը ազատ արձակելու հունգարեւատրպէյճանական գործարքը խօսուն օրինակն է պետական ահաբեկչութեան «իրաւական կատարելագործում»ին։
Երբ ութ տարի առաջ տեղի ունեցաւ հայկական բանակի երիտասարդ սպային կացինով սպանութիւնը ատրպէյճանցի հայասպանին կողմէ, ՆԱԹՕի կողմէ օրակարգի վրայ չբերուեցաւ ատրպէյճանեան բանակը հայատեացութեամբ դաստիարակելու Ալիեւեան պետական ահաբեկչութիւնը սանձելու կամ կանխարգիլելու, դեռ չենք ըսեր պատժելու եւ իր սաղմին մէջ խեղդելու պահանջը։
Ընդհակառակն՝ միջազգային հանրութեան աչքին փոշի ցանելու ծառայող Սաֆարովի ցկեանս բանտարկութենէն ետք, Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու ամէն շարժում հսկող աչքերուն տակ, տարիներու վրայ տարուեցան «օրինական» բանակցութիւններ՝ տնտեսապէս հզօր պետութեան մը, այս պարագային Ատրպէյճանի գործադրած պետական ահաբեկչութիւնը իրաւականօրէն անպատիժ ձգելու համար…
Զարմանալի չէ, որ հունգարական իշխանութիւնները երդում–պատառ կ՛ըլլան՝ ինքնարդարացման նպատակով աշխարհին համոզելու համար, թէ իրենք արդարադատութեան չդաւաճանեցին, այլ պարզապէս հետեւեցան ցկեանս ազատազրկման դատապարտուած բանտարկեալ մը իր հայրենի կառավարութեան յանձնելու եւ հոն դատապատիժը կրելու իրաւական ընկալեալ կարգին։
Բայց այդ ո՞ր իրաւական ընկալեալ կարգին մասին է խօսքը, երբ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած հայասպան ոճրագործ մը կը յանձնուի նոյնինքն Արցախահայութիւնը բնաջնջելու երդում կատարած կառավարութեան մը, որ հայ սպային կացինով սպանութեան պահէն իսկ ազգային հերոս հռչակած էր Սաֆարովը եւ անոր վստահեցուցած էր, թէ ամէն գնով պիտի ապահովէ… հայատեաց մարդասպանին ազատ արձակումը։
Հունգարիոյ կառավարութեան հետ եւ անոր չափ մեղսակցութեան բաժին ունին աշխարհի քաղաքական ղեկը ստանձնած բոլոր այն ուժերը, որոնք պետական ահաբեկչութեան նկատմամբ կը գործածեն երկու չափ եւ երկու կշիռի մօտեցումը։ Հունգարիոյ կառավարութիւնը փաստօրէն հետեւեցաւ ընկալեալ կարգի մը, բայց ոչ Օրէնքի, Իրաւունքի եւ Արդարութեան պաշտպանութեան ընկալեալ կարգին։ Այլ՝ հետեւեցաւ կաշառք վերցնելով միջազգային հիմնական արժէքներ օրինականօրէն շրջանցելու կարգին. չէ՞ որ Ռուսաստանէն մինչեւ Մ. Նահանգներ՝ մեծապետական ուժերը իրաւական արդարացումներ կը փնտռեն, ի հարկին կը մշակեն ալ, որպէսզի կարենան ատրպէյճանեան քարիւղէն ըստ կամս օգտուիլ եւ իրենց սեփական հաշիւները կարգաւորել…
Երբ պետական ահաբեկչութիւնը իրաւականօրէն կ՛արդարացուի՝ ուժեղներուն կողմէ գործադրութեան պարագային, երբ Միջազգային Օրէնքի եւ Իրաւունքի, Արդարութեան ու Ժողովրդավարութեան անունով աշխարհը առաջնորդող ուժերը ամենայն հանգստութեամբ կը դարպասեն Ատրպէյճանը եւ կ՛աշխատին սիրաշահիլ անոր բռնատէր միապետը, Հունգարիոյ նման տնտեսական դժուարութեան մէջ գտնուող երկիրը ինչպէ՞ս դիմադրէ երկու–երեք միլիառ տոլարի կաշառք վերցնելու փորձութեան ու գայթակղութեան։
Սաֆարովի ազատ արձակման միջ–պետական գործարքը նաեւ այս աստիճան մութ երես ունեցող ամօթալի մետալ մըն է, որ առաջին հերթին Հայաստանի իշխանութիւնները եւ, այդ ճամբով, հայ քաղաքական միտքի բոլոր թեւերը կը դնէ պետական ահաբեկչութեան «իրաւական կատարելագործում»ը դիմագրաւելու պարտաւորութեան տակ։
Հունգարիոյ կառավարութեան անարդարանալի գործարքին դէմ աշխարհով մէկ ծաւալած պահանջատէր հայութեան բողոքի շարժումը բաւարար երաշխիք է, որպէսզի հայ պետական մտածողութեան կիզակէտը դարձնենք պետական ահաբեկչութեան «օրինականացման» բուն չարիքին դէմ մշտարթուն պայքարը։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ