ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը 3:1 հաշուով յաղթեց Իւզպեքստանի խումբին Պոլսոյ մէջ ընթացող համաշխարհային ողիմպիական մրցաշարի 8րդ փուլին:
Հայաստանի խումբը այս յաղթանակով ապահոված եղաւ 13 միաւոր հաւասարելով Չինաստանի, ԱՄՆի, Գերմանիոյ եւ Ֆիլիփինի խումբերուն: Ռուսիոյ խումբը կը մնայ մրցաշարքի միանձնեայ առաջատարը՝ ունենալով 14-15 միաւոր: