
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՖԻՖԱի դասակարգման ցանկին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յառաջդիմած է երեք դիրքով՝ 575 կէտով գրաւելով 53րդ տեղը:
Աշխարհի լաւագոյններէն եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացող Սպանիոյ հաւաքականը գլխաւոր դիրքի վրայ է: Գերմանիան երկրորդն է, Անգլիան կ՛եզրափակէ լաւագոյն եռեակը։
Աշխարհի 2014ի ախոյեանութեան ընտրական հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականի մրցակիցներ հանդիսացող Իտալիան 6րդ դիրքի վրայ է, Դանիան՝ 10րդ, Չեխիան՝ 19րդ, Պուլկարիան՝ 89րդ, իսկ Մալթան՝ 139րդ:
ՖԻՖԱի ցանկի առաջին տասը երկիրներն են՝ Սպանիան՝ 1616 կէտ, Գերմանիան՝ 1437, Անգլիան՝ 1274, Փորթուքալը՝ 1232, Ուքրանիան՝ 1217, Իտալիան՝ 1274, Արժանթինը՝ 1121, Հոլանտան՝ 1044, Խրուաթիան՝ 1020 եւ Դանիան՝ 1006։