Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Արդեօ՞ք կրնանք օգնել մեր զաւակներուն, որպէսզի անոնք կարենան գտնել իրենց ներաշխարհին մէջ թաքնուած մեծ երազը, ցանկութիւնը, փափաքը կամ յոյզերը:
Բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ եթէ մեր երեխաներուն կամքին թողունք իրենց առօրեայ ժամերու դասաւորումները, անոնք յարատեւօրէն իրենց խաղալիք-գործիքներուն վրայ ժամանակ վատնելու իրավիճակին մէջ պիտի ըլլան: Յաճախ անոնց պէտք է յիշեցնենք, թէ օգտակար կամ ժամանակը արժեւորող բաներ կատարեն:
Շատ անգամ բնական առօրեայ աշխատանքները այնքան կը կլանեն մեզ, որ կը մոռնանք թէ մեր երեխաները ինքնուրոյն էակներ են եւ մանաւանդ՝ լարուած գործիքներ չեն: Մեր մեքենայացած կեանքին մէջ զանոնք նոյնպէս կը տեսնենք որպէս յարատեւ գործող եւ միշտ նոյն թափով աշխատող էակներ: Անշուշտ ի՛նչ խօսք, ամէն բան, որ կը ցանկանք իրենց լաւութեան համար է, սակայն բացի անկէ պէտք է բոլորս ալ յիշենք, որ անոնք ունին իրենց սիրած բաները, փափաքները եւ յոյզերը: Մեր պարտականութիւնն է, որպէս ծնողք կամ չափահաս, այդ իղձերն ու փափաքները գտնել ու դրսեւորել եւ ապա՝ անոնց ուժ տալ, որպէսզի անոնք դառնան իրենց փափաքներու իրականացման համար անխոնջ գործող մարդիկ:
Երբեմն կը նկատէք, որ որոշ ցանկութիւններու պարագային, նոյնիսկ իրենք տեղեակ չեն ըլլար իրենց ապրումներէն: Հետեւաբար, պէտք է առիթներ ստեղծել, որպէսզի անոնք կարենան փորձարկել իրենց նախասիրութիւնները կամ զանազան այլ աշխատանքներ, որպէսզի կարենան գտնել իրենց իսկական փափաքը, իղձը, passion-ը:
Երբեմն գիտակցելով հանդերձ, որ կարելի չէ ոեւէ մէկը բաղդատել կամ համեմատել ուրիշին հետ, ակամայ մտովին մեր երեխան կը համեմատենք ուրիշ երեխաներու հետ, որորնք զանազան նուաճումներ կատարած են եւ կը կատարեն ու կը գտնուին նոյն տարիքի սահմաններուն մէջ: Այս իմաստով յարատեւ մեր միտքին մէջ ու երբեմն բարձրաձայն կ՛արտայայտուինք, թէ «քու երազներդ հետապնդէ, ու իղձերդ իրականացո՛ւր»: Չզարմանաք, երբեմն երեխաներ նոյնիսկ երիտասարդութեան սեմին իրենց փափաքէն կամ իղձէն տեղեակ չեն:
Որպէս ծնողք, անշուշտ, կը քաջալերենք, որ մեր երեխաները արտադասարանային աշխատանքներ կատարեն, սակայն պէտք չէ հասցնել այն տեղը, ուր անոնք սկսին ատելու եղածը ու հետեւաբար աշխատանքները ու նաեւ մայրը, որ զիրենք կը մղէ այդ աշխատանքներուն:
Նպատակը այդ աշխատանքներուն հանդէպ հիացում ստեղծելն է երեխային մօտ, որպէսզի ամբողջ կեանք մը անոր հաճոյքը ապրի ու վայելէ աշխատանքին առաւելութիւնը:
Ըստ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու՝ մինչեւ հասունութեան տարիքի (14) հասած երիտասարդներուն վրայ կատարուած, կը պարզուի, թէ այն երիտասարդները, որոնք արտադասարանային աշխատանքներ կը կատարեն, իրենց անձէն աւելի բարձր ակնկալութիւններ ունին, հետեւաբար բարձունքներ կրնան նուաճել: Այս աշակերտները նաեւ աւելի յաջողակ են իրենց դասերուն ու կրթական նուաճումներուն մէջ եւ աւելի հարուստ ու ամբողջական պատկեր կրնան կազմել իրենց անհատականութեան ու անձին մասին, ինչպէս նաեւ գիտեն թէ ինչ կ՛ուզեն իրականացնել իրենց կեանքի ընթացքին:
Ուսումնասիրութիւնները նաեւ կը հաստատեն, թէ այն աշակերտները, որոնք արտադասարանային աշխատանքներով լեցուն կեանք ունին, աւելի լաւ դպրոցական արդիւնքներ կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ իրենց ինքնահամարումը շատ աւելի բարձր է, աւելի ունակ են իրենց ժամանակը ճիշդ դասաւորելու հարցով: Իսկ բարձրագոյն կարգերու պարագային, նուազ հակամէտ են թմրեցուցիչներ եւ խմիչք գործածելու: Նաեւ դպրոցէն կիսաւարտ հեռանալու պարագաները շատ աւելի նուազ են քան սովորական աշակերտներու մօտ:
Այս բոլորը յիշելէ ետք կը հաստատենք, թէ միշտ արտադասարանային աշխատանք ունենալը շատ կարեւոր է երեխաներուն ամբողջական դաստիարակութեան համար: Իմացական զարգացումին համար նաեւ իր նպաստը ունի այս աշխատանքը: Տարիներ անցնելէ ետք նկատելի է, թէ արտադասրանային աշխատանքներ տարած երեխաները միջին հաշուով մինչեւ 75 տարեկան անգամ շատ աշխոյժ եւ իմացականօրէն կայտառ կ՛ըլլան: Սակայն կը մնայ այլ հիմնական հարց. քանի՞ աշխատանք պէտք է կատարեն եւ ի՞նչ նախապատուութեամբ պէտք է ընտրել զանոնք: