– Քրտական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր արտօնութիւն չեն տար Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտաուլլա Օճալանին, որ հանդիպի իր փաստաբաններուն եւ հարազատներուն հետ: Ըստ Թուրքիոյ քրէական օրէնքին, ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Օճալան շաբաթը մէկ անգամ իրաւունք ունի հանդիպելու իր փաստաբաններուն կամ հարազատներուն հետ: Դատախազութիւնը դիմումները կը մերժէ զանազան անտեղի պատճառաբանութիւններով:
– Ուտեստեղէն գնելու համար պետութենէն նպաստ ստացող ամերիկացիներուն թիւը Յունիս ամսուան ընթացքին նոր մրցանիշ մը հաստատած է, հասնելով 46.37 միլիոնի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.