
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանին 32րդ կրթական տարեշրջանի սեմին, նոր տնօրէն նշանակուած է դոկտ. Մարալ Երանոսեան:
Դոկտ. Մարալ Երանոսեան իմաստասիրութեան ճիւղի մէջ իր դոկտորան ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն, իսկ հոգեբանութեան ճիւղի մէջ իր դոկտորան՝ «Փեփըրտայն» համալսարանէն: Ան վերջին 15 տարիներուն եղած է «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանին ուսանողական խորհրդարտու եւ կրթական մարզէն ներս լայն փորձառութիւն ապահոված է սպասարկելով զանազան վարժարաններու մէջ, որոնց շարքին են՝ «Ալէք Փիլիպոս» եւ «Քեմպըլ Հոլ»:
Տնօրէն նշանակուելէ առաջ ան նաեւ հոգեբուժութեան իր սեփական ասպարէզը մշակած է Լոս Անճելըսի մէջ, կեդրոնանալով յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարադներու հարցերուն վրայ: Ան կ՛աշխատակցի «Սիտըր Սայնա» հիւանդանոցին հետ, ուր հոգեբուժի զանազան պարտականութիւններ ստանձնած է անցեալին:
Դոկտ. Մարալ Երանոսեան անդամ է Ամերիկայի հոգեբուժական միութեան, Ամերիկայի խորհրդատուական միութեան եւ Ամերիկեան կրթական խորհրդատուներու միութեան: Ան նաեւ անդամ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի տարբեր յանձնախումբերու: