ՍԻՍԻԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սիսիանի մէջ տեղի ունեցած համայնքի ղեկավարի 9 Սեպտեմբերի ընտրութիւններու նախնական տուեալներով՝ վերընտրուած է գործող քաղաքապետ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Աղասի Յակոբջանեանը: Սիսիանի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 55.85 տոկոսը: Գործող քաղաքապետի օգտին քուէարկած է 3536 քաղաքացի: Մրցակից երկու թեկնածուներէն ՀՅԴի անդամ Տիգրան Պօղոսեանը հաւաքած է 2744, իսկ անկուսակցական Հրաչիկ Խաչատրեանը՝ 298 ձայն:
Ընտրատարածքի Դաստակերտ քաղաքին մէջ եւս վերընտրուած է գործող քաղաքապետ, ՀՀԿի անդամ Նայիրի Ֆիլոսեանը՝ հաւաքելով 143 ձայն, այսինքն՝ 128ով աւելի մրցակից անկուսակցական Սասուն Սարգսեանէն:
Ընտրատարածքի միւս քաղաքային համայնքին՝ Գորիսի մէջ, 9 Սեպտեմբերին կայացած են միայն համայնքի աւագանիի ընտրութիւններ: