ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ մարդոց համար անակնկալ չէր, անշո՛ւշտ, որ այս աստիճան բուռն ու համազգային տարողութիւն ունեցաւ, աշխարհով մէկ, հայ ժողովուրդին բարձրացուցած բողոքի, դատապարտումի եւ ցասումի ալիքը՝ հունգարեւատրպէյճանեան մեղսակցութեամբ նիւթուած «Սաֆարով գործարք»ին դէմ։
Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի հայասպանին միջպետական կաշառքով, այլեւ միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց շրջանցումով թէ՛ ոտնակոխումով կատարուած ազատ արձակումը ինչպէս անթոյլատրելի, այնպէս ալ տակաւին բաց ու սրբագրում պահանջող թղթածրար է։
Ինչ որ ալ ըլլան քաղաքակիրթ մարդկութիւնը առաջնորդող միջազգային կառոյցներուն եւ մեծապետական ուժերուն հետագայ քայլերը, անոնք գործնապէս արդիւնաւորուին թէ ոչ, Ռամիլ Սաֆարով չի կրնար խուսափիլ ցմահ բանտարկութեան արդար պատիժէն։
Թերեւս կրնայ ժամանակի կարօտիլ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կարգի բերելու միջազգային ճնշումին արդիւնաւորումը, եթէ անշուշտ մեծապետական աշխարհը անկեղծ է «Սաֆարով գործարք»ը դատապարտելու իր յայտարարութեանց մէջ։
Կրնայ պարզուիլ, նաեւ, որ ատրպէյճանական քարիւղն ու կազը սեփական հաշիւներուն ծառայեցնելու շահախնդրութիւնը, այս պարագային եւս, աւելի ծանր կը կշռէ մեծապետական այս կամ այն ուժին թէ ուժերուն քաղաքական նժարին վրայ… Այն աստիճան՝ որ Նոր Աշխարհակարգի դրօշակիրները սուս ու փուս կռնակ դարձնեն Արդարադատութեան պահակ կանգնելու իրենց իսկ հռչակած վարքագծին։
Ամէն պարագայի, կասկած պէտք չէ ունենալ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը երբեք պիտի չհամակերպին Արդարադատութեան այսօրինակ… զոհաբերումին։
Կարեւորը այն է, որ վերջին երկու շաբաթներուն շղթայազերծուած համահայկական բողոքի շարժումը ոչ միայն շարունակուի ու պահպանէ իր ուժգնութիւնը, այլեւ՝ անօրինական ու անարդար գործարքին կատարուած իրողութիւնը շրջելու կարողականութեամբ յառաջ ընթանայ։
Կրնա՞նք։
Անշուշտ որ կրնա՛նք, եթէ ազգովին անդրադառնանք եւ քաղաքական համոզում դարձնենք, թէ հայասպան ատրպէյճանցիին նկատմամբ ցմահ բանտարկութեան արդար պատիժին վերահաստատումը կը պահանջէ դիմագրաւումը պետական ահաբեկչութեան բուն չարիքին։
Խօսքը կը վերաբերի միջազգային իրաւակարգն ու համամարդկային արժէքները ոտնակոխող՝ «իրաւականօրէն կատարելագործուած» պետական ահաբեկչութեան, որուն հիւանդագին վերջին դրսեւորումը հանդիսացաւ «Սաֆարով գործարք»ը։
Հակահայ ատելութեան ու թշնամանքի հողին վրայ գործուած Սաֆարովի մարդասպանութիւնը օրին իսկ պէտք է արժանանար քաղաքական գնահատանքի, առաջին հերթին նոյնինքն ՆԱԹՕի ղեկավարութեան կողմէ։
Բայց այդ հիմունքով տեղի չունեցաւ Սաֆարովի դատավարութիւնը։ Հունգարիան, Եւրոպան եւ ՆԱԹՕի առաջնորդ Մ. Նահանգները ամբաստանեալի աթոռին չնստեցուցին նոյնինքն Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, որ պետականօրէն կը գործադրէր ու կը շարունակէ գործադրել սեփական ժողովուրդը, յատկապէս նորահաս իր սերունդները հակահայ ատելութեամբ եւ թշնամանքով թունաւորելու անթոյլատրելի քաղաքականութիւն մը։ Ի վերջոյ կացինը վերցնելով եւ իր կողքին, միատեղ ՆԱԹՕի զինավարժութեան հետեւող հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն սպաննելով՝ ատրպէյճանցի սպան ըստ ամենայնի պետական ահաբեկչութեան պատուէր կը կատարէր… Այդպէս ալ խոստովանեցաւ։ Այդ հիմքով ալ Պաքուն, առաջին իսկ պահէն, ազգային հերոսի «անմեղութեան» արժանացուց մարդասպանը։
Բայց քաղաքական աշխարհը չուզեց, իբր թէ, «քաղաքականացնել» էապէս քաղաքակա՛ն բնոյթ ունեցող հայ սպային կացինահար սպանութիւնը։ Այլ՝ բաւարարուեցաւ իբրեւ սովորական մարդասպան յանցագործի դատելով ու ցմահ բանտարկութեամբ պատժելով Ատրպէյճանի իշխանութեանց հակահայ պատուէրը կատարող ատրպէյճանական բանակի սպան։
Այդպէ՛ս պատրաստուեցաւ իրաւական ենթահողը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի պետական ահաբեկիչը ազատ արձակելու հունգարեւատրպէյճանական գործարքին։
Այսօր արդէն գաղտնիք չէ, որ հայասպան Սաֆարովը ատրպէյճանեան իշխանութեանց յանձնելու իր այսպէս կոչուած «օրինական» քայլէն տասը օր առաջ, Հունգարիոյ կառավարութիւնը տեղեակ պահած էր թէ՛ Եւրոպայի ու ՆԱԹՕի ղեկավար շրջանակները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, թէ՛ նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները։
Նոյնպէս բացայայտուած է, թէեւ ոչ իր լրիւ ծալքերով, դիւանագիտական այն «զուսպ» ու «լուռ» հակազդեցութիւնը, որ ի լուր «Սաֆարով գործարք»ին դրսեւորուեցաւ ոչ միայն մեծապետական աշխարհին, այլեւ նոյնինքն Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ։
Հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն կողմէ արդէն սկսած են հնչելու հայրենի սեփական իշխանութիւնները դատապարտող ձայներ, որոնք անբացատրելի ու անընդունելի կը գտնեն յետ Սաֆարովի արտայանձնման բողոքի, ընդվզումի եւ դատապարտանքի համահայկական ալիք բարձրացնելու Հայաստանի նախագահին յապաղած կոչը։
Ժամանակը չէ ըստ էութեան քննելու Հայաստանի գործող նախագահին եւ անոր ղեկավարած քաղաքական ուժին պատասխանատուութեան բաժինը որդեգրուած այսօրինակ գործելակերպին կամ կիրարկուած քաղաքականութեան մէջ։
Հիմա ժամանակն է շարունակելու «Սաֆարով գործարք»ի համահայկական դիմագրաւումը՝ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մերկացումին եւ միջազգային դատապարտումին առաւել թափ տալով։
Ժամանակն է, նաեւ, մէկանգամընդմիշտ թօթափելու մէկ կողմէ ազգային պահանջատիրութեան եւ, միւս կողմէ, պետական մտածողութեան միջեւ հակասութիւն ու անհամատեղելիութիւն տեսնելու գաղափարական խարխափումները։
Այն փաստը, որ «Սաֆարով գործարք»ին մէջ Հունգարիան եւ Ատրպէյճանը կրցան անկաշկանդ մինչեւ ծայր յառաջ երթալ՝ հակառակ Հայաստանի պետական–պաշտօնական բողոքին ու ընդդիմութեան (ինչպէս որ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը յայտարարէ), ինքնին ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդի պետական ուժին սահմանափակումները։
Խօսքը այնքան ալ չի վերաբերիր Հայաստանի պետական ուժին բաւարար չափով հզօր չըլլալու իրողութեան, որքան կը վերաբերի 21րդ դարու միջազգային իրաւակարգին մէջ ազգային պետութեանց վրայ մեծապետական ուժերուն բանեցուցած ճնշումներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու ազգային ներուժի ամրապնդման հրամայականին։
Այսպէս կոչուած պետական մտածողութեամբ առաջնորդուելու, բայց իրողապէս մեծապետական ճնշումներու տակ տեղի տալու հայրենի իշխանութեանց գաղափարական խարխափումին ծանրակշիռ հետեւանքները ազգովին ճաշակեցինք Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ժամանակ։
Իսկ «Սաֆարով գործարք»ին դէմ, անոր նախապատրաստական փուլին իսկ, անհրաժեշտ ազդու զօրաշարժը առաջացնելու դժուարութիւն ունեցաւ պետական մեր ուժը, որովհետեւ Հայաստանի իշխող վարչախումբը պատանդ մնաց տխրահռչակ Արձանագրութեանց տակ իր դրած ստորագրութիւնը յետս չկոչելու քաղաքականութեան։ Մինչդեռ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, հայասպան ոճրագործին բանտարկութեան տարիներուն, տենդագին յառաջ մղեցին հայատեաց իրենց քաղաքականութիւնը Սաֆարովի ազատ արձակումով ամրագրելու դիւանագիտական զօրաշարժը։
Եթէ պետականօրէն դժուար է 21րդ դարուն յառաջ մղել ազգային պահանջատիրութեան քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, եթէ այդ մարզին մէջ ազգային պետութեանց շարժումի հնարաւորութիւնները իրաւականօրէն սահմանափակ են, այդ պարագային նոյնինքն մեր պետական ուժին հզօրացման սիրոյն անհրաժեշտ է թափ տալ ազգային մեր պահանջատիրութեան համահայկական զօրաշարժին։
Համահայկական պահանջատիրութեան իրաւական հովանի շնորհելով՝ Հայաստանը պետականօրէն միայն իր դիրքերը կը հզօրացնէ միջազգային բեմահարթակի վրայ, յատկապէս հակահայ մոլուցքով կլանուած իր հարեւանները կարգի բերելու առումով։
«Սաֆարով գործարք»ը ազգովին դիմագրաւելու եւ համաթրքական հայատեացութեամբ մոլեգնած թշնամիին հետագայ հարուածները կանխելու համար իսկ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր պէտք ունինք Հայաստանի եւ հայութեան պետական ուժը ազգային պահանջատիրութեան ներուժով հզօրացնելու ռազմավարական կողմնորոշումին՝ 21րդ դարու իրաւակարգով իսկ, համաշխարհային ազգի մեր գոյավիճակը յարգանք պարտադրող ուժի վերածելու քաղաքական մարտունակութեան։
————-
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ