ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 2004 թուականի 5 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեանը: 8 տարուան ընթացքին անիկա կազմակերպած է 3000է աւելի ձեռնարկներ: Այս առիթով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը զրոյց ունեցած է «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնի տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեանի հետ:
7 Սեպտեմբերին «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իր տարեդարձին առիթով հիւրընկալած էր Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հայր Անտոն Ադամեանը, որ տուաւ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած դասախօսութիւն։
«Վերջին երկու տարիների ընթացքում շատ են եղել դժուարութիւնները», ըսած է Յարութիւնեան՝ շարունակելով. «Թէեւ խնդիրները կապուած են իր եւ իր ընտանիքի հետ, դա անդրադառնում է նաեւ կենտրոնի գործունէութեան վրայ»:
Ան նշած է, որ 25 հոգիէ բաղկացած «Նարեկացի» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը շուտով պիտի մեկնի Գերմանիա ու Ֆրանսա՝ այնտեղ ներկայացնելու հայ մշակոյթը: Պէտք է անոնց աջակցիլ նիւթապէս, նաեւ անոնց կողքին ըլլալ ելոյթներուն ընթացքին։
Բանտարկուելէն ետք Նարեկ Յարութիւնեան իրաւունք չունի Հայաստանէն դուրս ելլելու, ինչ որ նեղացուցիչ է։ «Իմ ներկայութիւնն այնտեղ պարտադիր է: Հիմա ես չգիտեմ՝ ինչ պէտք է լինի: Հոկտեմբերին պէտք է գնանք: Արգելել են բացակայել երկրից: Այդ կալանքները, որ դրուել են, կան, հաշիւները սառած: Հիմա ես շատ մտահոգ եմ: Երկար ճանապարհորդութիւն է: Այստեղ ծնողներ կան, մտահոգ են», նշած է ան։
Ըստ անոր, հայ արուեստը այսօր վտանգի մէջ է. Յարութիւնեան դիտել տուած է, որ եթէ յատուկ ծրագիրներու ընթացքին քաղաքին մէջ որոշ ժամանակ միայն Կոմիտաս հնչէ, այն ատեն հայ ազգը կը ստանայ իր հոգեւոր ու մշակութային սնունդը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.