
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 11 Սեպտեմբերին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ առկայ ճգնաժամային հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆորը: Զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի համակարտութեան, Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացներուն եւ տարածաշրջանային հարցերու: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանին հիմնական ուղղութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցային ճամբով։ «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ներկայացուցիչները կարող են ապացուցել, որ Հայաստանը գործում է այդ ուղով, ինչը մենք չենք տեսնում Ատրպէյճանի կողմից», նշած է կառավարութեան ղեկավարը: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ԵՄ ի՞նչպէս կրնայ օգնել հակամարտութեան լուծման՝ Տիգրան Սարգսեան ըսած է. «Առաջին հերթին ԵՄն կարող է յատուկ փաստաթղթով ընդգծել, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն խաղաղ ճանապարհով, եւ եթէ կողմերից մէկը խախտի այդ սկզբունքը, ապա վերջինիս նկատմամբ կը կիրառուեն միջազգային յստակ պատժամիջոցներ»:
Վարչապետին համաձայն՝ եթէ հակամարտութեան կողմերէն մէկը կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կարելի է լուծել ռազմական ուժով, ապա ան մնայուն կերպով սպառազինման ընթացքի մէջ կ՛ըլլայ, կը խաթարէ բանակցային գործընթացը եւ իր հասարակութիւնը կը պատրաստէ պատերազմի: «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն իր հասարակութեանը պատրաստում է պատերազմի, վարում ֆաշիստական քաղաքականութիւն: Այն, որ նա ներում է շնորհել ոճրագործին, որը սպանել է մարդուն միայն հայ լինելու համար, դրա վառ ապացոյցն է: Եւրոպական հանրութիւնն իրաւունք չունի լռել», ընդգծած է Տիգրան Սարգսեան:
Լըֆոր եւս յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը պիտի աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն՝ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ուղիով լուծելու իմաստով: Լըֆոր անգամ մը եւս մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու գծով եւ յիշեցուցած, որ Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ նման քայլ մը, որ վնաս կը հասցնէ նաեւ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման:
Խօսելով Հայաստանի՝ եւրոպական համարկման գործընթացին մասին՝ վարչապետ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ այդ ուղղութեամբ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած են համապարփակ քայլերու: Կառավարութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ 2013ի աւարտին Հայաստան պատրաստ կ՛ըլլայ ստորագրելու ազատ առեւտուրի համապարփակ համաձայնագիրը: Լըֆոր իր կարգին նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ է հետագային եւս քայլերու ձեռնարկելու՝ կապերու ընդարձակման ու ամրապնդման համար:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Միութեան՝ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխութիւններուն առնչութեամբ անոր ցուցաբերած մնայուն աջակցութեան համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունած է Լըֆորը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներուն վերաբերող հարցեր: Անոնք յատկապէս անդրադարձած են Արեւելեան Գործընկերութեան ծիրին մէջ ի գործ դրուող ծրագիրներուն: Լըֆոր յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին, յատկապէս Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ իրականացող ծրագիրներուն ընդմէջէն: Երկուստէք գոհունակութիւն յայտնած են յարաբերութիւններու զարգացման թափին առնչութեամբ: Զրուցակիցները անդրադարձած են Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին, որ լուրջ վնաս կը հասցնէ բանակցային գործընթացին, տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան: Լըֆոր հանդիպում մը ունեացաւ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: