ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ՝ դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ, 13 Սեպտեմբերին սկսաւ «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ ռազմական բժիշկները դաժան ծեծի ենթարկելու եւ Վահէ Աւետեանի մահուան գործով դատաքննութիւնը:
Այս դատին առնչութեամբ մեղադրեալ անձերն են՝ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերաստոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի թիկնապահները եւ անոր պատկանող «Հարսնաքար» համալիրի աշխատակիցներ Արման Խաչատրեանը, Նորայր Հայրապետեանը, Գարիկ Մարգարեանը, Արման Բաղդասարեանը, Դաւիթ Ադամեանն ու Արթուր Բաբլոյեանը:
Դատարանին մօտ հաւաքուած էին «Վահէ Աւետեան» շարժման գործիչները, որոնք բողոքի ցոյց կազմակերպեցին. անոնց մէկ մասը դատարան եկած էր քայլարշաւով։
Դատական առաջին նիստին ներկայացուցած են դատավարութեան կողմերը՝ ամբաստանեալները, անոնց պաշտպանները, մեղադրող կողմերը: Նշենք, որ դատին չէ ներկայացած Վահէ Աւետեանի հայրը՝ Գառնիկ Աւետեանը, որ նկատուած է տուժողի իրաւայաջորդ: Ի դէպ, դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեան քանի մը անգամ նկատողութիւն կատարեց դահլիճին մէջ եղողներէն ոմանց, որոնք ամբաստանեալները դիմաւորեցին «մարդասպան» արտայայտութեամբ:
Այսօրուան նիստին ընթացքին դատաւորը իբրեւ տուժողի ներկայացուցիչ նկատի առաւ նաեւ փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը:
Այնուհետեւ դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեան յետաձգեց դատական նիստը՝ ամբաստանեալ Արման Խաչատրեանի պաշտպան չունենալու պատճառով: Խաչատրեան հրաժարած է պաշտպան ունենալէ: Դատարանը որոշեց, որ յաջորդ դատական նիստին ան պարտաւոր է ներկայանալ պաշտպան փաստաբանով:
Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է Սեպտեմբեր 24ին: Դատաւորը առաջարկած է, որ այսուհետեւ Չորեքշաբթի օրերուն փաստաբանները այլ նիստեր չնշանակեն, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ օր կազմակերպել «Հարսանքար»ի գործով դատական նիստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.