
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական ԲարեԳործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու վարչութիւնը, իր ամէնամեայ «Երեկոյ մը մտաւորականի մը հետ» հանդիպում-դասախօսութեան շարքի, այս տարի կը հիւրընկալէ մեծապէս յարգուած դիւանագէտ, Սուրիոյ եւ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեանը: Ան պիտի ներկայացնէ համայն մարդկութիւնը յուզող միջազգային տագնապ մը՝ «Արաբական գարունը, թուրքիոյ դերը եւ հայութեան ապագան տարածաշրջանին մէջ», որ նոյնքա՛ն ազգային է իր մտահոգութիւններով ու լուծումներով:
Դասախօսութիւն-հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 5ին, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան համալիրին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104)։
ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութիւնը մեծապէս պատուըւած կը զգայ հիւրընկալելով անձնաւորութիւն մը, որ իր դիւանագիտական հմտութեամբ, գիտելիքներու լայն պաշարով եւ գործով նպաստած է համամարդկային արժէքներու պահպանման, Միջին Արեւելքի տագնապի լուծման որոնումներուն, միաժամանակ օժանդակելով տարածաշրջանէն ներս ազգային մեր մտահոգութիւններու մեղմացման։
Ասպետներու վարչութիւնը այս իւրայատուկ ձեռնարկով կը շարունակէ իր նպաստը բերել հայ համայնքին, հրաւիրելով այնպիսի անհատներ, որոնք իրենց խօսքով ու գործով պայքարած են ու կը պայքարին աւելի գեղեցիկ, վարելու խաղաղ ու ազնիւ կեանք մը , առաջին հերթին արժեւորելով համամարդկային իրաւունքները։
Յարգարժան դիւանագէտը՝ Էտուըրտ Ճէրէճեան, ԱՄՆի դիւանագիտական համակարգէն ներս ծառայած է 1962էն 1994 տարիներուն, ամերիկացի ութը նախագահներու օրօք՝ Ճան Ֆ. Քենետիէն մինչեւ Ուիլիըմ Ճ. Քլինթըն:
Նախագահ Քլինթընի կողմէ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆի դեսպան (1993-1994) նշանակուելէ առաջ, Ճէրէճեան վարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախա-րարի օգնականի պաշտօնը՝ միջին արեւելեան հարցերու գծով, թէ՛ Ճորճ Հ. Ու. Պուշի եւ թէ Քլինթընի նախագահութեան շրջաններուն, 1991էն 1993։
Էտուըրտ Ճէրէճեան Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն էր 1988էն 1991։ Ան ծառայած է նաեւ նախագահ Ռանըլտ Ռիկընի , որպէս յատուկ օգնական եւ Սպիտակ Տան Արտաքին յարաբերութիւններու լրատուական քարտուղարութեան օգնական՝ 1985-1986 թուականներուն։ 1994ին, կառավարական պաշտօններէ հանգստեան կոչուելէ ետք, Ճէրէճեան հիմնադիր տնօրէնը հանդիսացաւ «Ռայս» համալսարանի «Ճէյմս Ա. Պէյքըր Գ.» հիմնարկի հանրային քաղաքականութեան ամպիոնին։ Ան այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ ցայսօր: Իր գիրքը՝ «Danger and Opportunity: An American Ambassadors Journey Through the Middle East» («Վտանգ եւ հնարաւորութիւն. Ամերիկացի դեսպանի մը ուղեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ) հրատարակուեցաւ «Simon & Schuster» հրատարակչատան «Threshold» բաժանմունքին կողմէ, Սեպտեմբեր 2008ին, որուն թղթակազմ տարբերակը լոյս տեսաւ Օգոստոս 2009ին։
Ճէրէճեան պարգեւատրուած է քաղաքական եւ դիւանագիտական բազմաթիւ ծառայութիւններու առիթներով՝ «Էլիս Այլընտ»ի պատուոյ մետալով, նախագահական մետալով, «Ռայս» համալսարանի բարձրագոյն պատուոգիրով, ինչպէս նաեւ «Anti-Defamation League»ի «Moral Statesman» մրցանակով:
2011ին Ճէրէճեան ընտրուած է Արուեստներու եւ գիտութեան ամերիկեան ակադեմիոյ խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ՝ հոգաբարձութեան անդամ Նիւ Եորքի «Քարնըկի» ընկերակցութեան, որուն նախագահն է վաստակաւոր դոկտ. Վարդան Գրիգորեան:
Հանգստեան կոչուելէն ետք իսկ, Ճէրէճեան կը շարունակէ քաղաքականութեամբ զբաղիլ, մանաւանդ արաբ-իսրայէլեան յարաբերութիւններու եւ Իրաքի գծով։
1994էն ի վեր ան իր անջնջելի նպաստը բերած է Հիւսթընի «Ռայս» համալսարանին եւ «Պէյքըր» հիմնարկին, բարձրացնելով անոնց վարկը թէ՛ ամերիկեան եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ, հոն հրաւիրելով այսօրուան աշխարհի քաղաքական ղեկավարներէն՝ Նելսըն Մանտելան, Վլատիմիր Փութինը, Հելմութ Քոհլը, Քոֆի Անանը, եւ նախկին նախագահներ՝ Ճերըլտ Ֆորտը, Ճիմի Քարթըրը, Ճորճ Հ. Ու. Պուշը եւ Պիլ Քլինթընը։ Ճէրէճեան կը մնայ Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն գիտակներէն մէկը՝ Միջին Արեւելեան եւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին։
ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումին այս աննախընթաց եւ բացառիկ դասախօսութիւնը ունի յոյժ հետաքրքրական խորագիր, ուր արաբական աշխարհի ապագան եւ մեր ազգային մտահոգութիւնները կը խաչաձեւեն զիրար՝ անորոշութեան շղարշի մը տակ։
Փորձաշատ դիւանագէտ եւ դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեան այն բանալի անհատականութիւնն է, որ կրնայ լուծում տալ մեր շարք մը հարցումներուն։
Հոկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, հրամեցէք ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան համալիր, լսելու անոր խօսքն ու մեկնաբանութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնակցելու հարցում-պատասխան երկխօսութիւն զրոյցին։
(Թղթակցութիւնը՝ ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումի վարչութենէն)