ՍԻԼ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- 2012ի Օգոստոսին, «Փարոս»ի («Լայթհաուս») բարեգործական հիմնադրամի աշխատակազմը այցելեց Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Պարտիզակ գիւղը, ինչպէս նաեւ Արմավիրի մարզի Նալբանդեան համայնքները: Համայնքներու աւելի քան 300 անապահով ընտանիքներ ստացան հագուստներ, կօշիկներ, խաղալիքներ, պայուսակներ եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ:
Օգոստոս 23ին, նոր ուսումնական տարուան կապակցութեամբ, հիմնադրամը երեխաներու համար տօնական միջոցառում եւ հիւրասիրութիւն կազմակերպեց՝ անոնց յանձնելով բազում նուէրներ՝ պայուսակներ, գրենական պիտոյքներ եւ այլ դպրոցական պարագաներ: Օրենճ Քաունթիէն Օհանեաններու, Միրզոյեաններու, Փիթերսներու, ինչպէս նաեւ Հայկ Մինասեանի նուիրատուութեանց շնորհիւ, բաժնեցինք աւելի քան 250 պայուսակ: Ձեռնարկին ներկայ էին Փարաքար համայնքի Յովիկ Էդգարեանի անուան արուեստի դպրոցի սաները, որոնք իրենց ելոյթներով գեղեցկացուցին տօնական մթնոլորտը: Ձեռնարկը սփռուեցաւ «Արմէնիա» պատկերասփիւռի կայանէն:
Հիմնադրամը նաեւ երկու ելեկտրական սայլակ տրամադրած է մանկութենէն հաշմանդամ երիտասարդներու, Գիւմրի քաղաքի մանկատան յատկացուցած է 47 վերմակ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անապահով ընտանիքներու տրամադրած է հագուստ, կօշիկ եւ մանուկներու յատուկ սննունդ:
Հիմնադրամը կը շարունակէ նաեւ «Խմբակային մկրտութիւն» ծրագիրը՝ մկրտուողներուն թիւը հասցնելով 96ի: Հիմնադրամի Մայրատան մէջ կը շարունակուին խոհարարութեան, կար ու ձեւի, ինչպէս նաեւ գեղագիտութեան դասընթացքները:
Այս ամսուան ընթացքին հիմնադրամը ունեցած է հիւրեր Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն եւ Ռուսիայէն: Հիւրերը շրջեցան հիմնադրամէն ներս, զրուցեցին աղջիկներու հետ: Հիւրերէն մէկը՝ ապագայ բժիշկ մը Ամերիկայէն, դասախօսութիւններ կարդաց «Առողջ սնուցում» նիւթով:
Մեր աղջիկներէն մէկը՝ Քնարիկը, որ մեզ մօտ եկած էր Նալբանդեան համայնքէն, եւս բռնութեան զոհ է: Ան ունի երկու երեխայ: Անոր բռնութեան ենթարկած է անոր հայրը: Մնալով 3 ամիս մեր մայրատան մէջ, ան որոշեց վերադառնալ տուն, սկսելով նոր՝ ինքնուրոյն կեանք, առանց հօր բռնութեան: Նաեւ, Մարինէ Յարութիւնեան երկու ամիս է, որ լքած է մայրատունը եւ հիմնադրամի աշխատակիցներու ջանքերուն շնորհիւ՝ միացած է իր ամուսնոյն, եւ արդէն 2 ամիս է ի վեր «Հովանաւորի օգնութիւն» ծրագիրին մասնակից է՝ իւրաքանչիւր ամիս իր հովանաւորէն ստանալով դրամական աջակցութիւն, որ կ՛օգնէ իրեն վճարելու տան վարձքը:
«Փարոս»ի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւններու համար, այցելել
www.parosfoundation.org կայքը կամ դիմել հետեւեալ հասցէին՝ P.O.box 3595, Seal Beach, CA 90740:
(Թղթակցութիւնը՝
հիմնադրամէն)