
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14ին Պենետիքթ ԺԶ. պապը իր շքախումբով, եռօրեայ այցելութեան մը համար հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայիի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելիի, Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քերիմ Ալիի եւ մեծ թիւով նախարարներու եւ երեսփոխաններու կողմէ: Պապը Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ յատկապէս դէպի Սուրիա զէնքերու առաքումները կասեցնելու կոչեր կատարեց, մինչ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ ցոյցեր տեղի կ՛ունենային՝ իսլամները վարկաբեկած ամերիկեան շարժապատկերին դէմ:
Թրիփոլիի մէջ կայացած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին, ցուցարարները հրկիզած են ամերիկեան «Հարտիզ-Քէյ.Էֆ.Սի.» ճաշարանին մէկ մասը: Յարձակումի ընթացքին սպաննուած է նաեւ ճաշարանի պաշտօնեաներէն մէկը եւ վիրաւորուած են 25 ուրիշներ: Ցուցարարներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումի ընթացքին վիրաւորուած է նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերէն սպան մը:
Ուրբաթ օր հակաամերիկեան ցոյցերու շրջանակը ընդարձակուեցաւ իսլամական երկիրներու տարածքին եւ անոր թիրախ դարձան նաեւ Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ դեսպանատուները Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ, ուր ցուցարարներ ներխուժեցին եւ այրեցին անոնց մէկ մասը: Սուտանի ցոյցերուն ընթացքին սպաննուեցաւ առնուազն երեք հոգի: Ցուցարարներ փորձեցին նաեւ Պանկլատեշի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ներխուժել, մինչ Թունուզի մէջ ցուցարարներ հրկիզեցին ամերիկեան դպրոց մը եւ ցոյցեր կատարեցին ամերիկեան դեսպանատան առջեւ, ուր բախումները 3 զոհ խլեցին: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Փաքիստանի, Կազայի, Իրաքի, Մալեզիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:
Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան առջեւ ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ այս շաբաթասկիզբը սկսած բախումները շարունակուեցան, իսկ նախագահ Պարաք Օպամա Եմէնի նախագահէն պահանջեց պաշտպանել ամերիկացի դիւանագէտները՝ նկատի ունենալով, որ ցուցարարներ Հինգշաբթի օր դեսպանատան համալիրէն ներս խուժած են: Եմէնի նախագահը խոստացաւ դիւանագէտներու պաշտպանութեան համար իր կարելին ընել: Նոյն օրը, 150 յաւելեալ ամերիկացի զինուորներ Եմէնի մայրաքաղաք հասան՝ դեսպանատան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: