ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական «Տոքթրինա» հետազօտական կեդրոնին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքներուն համաձայն, այս տարուան ընթացքին ատրպէյճանական բանակը առնուազն 143 զինուոր կորսնցուցած է:
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին սոյն լուրը հաղորդած ատրպէյճանական «haqqin.az» լրատուական կայքը, նշեալ տուեալը կը նկատէ «սարսափելի վիճակագրութիւն» մը:
Կայքը նաեւ կը նշէ, որ 2012ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու անձնակազմի կորուստը կազմած է 73 զինուոր, իսկ 70 այլ զինուորներ ստացած են տարբեր աստիճանի վնասուածքներ, որոնց հետեւանքով բանակին մէջ անոնց հետագայ մարտական ծառայութիւնը նպատակայարմար չի նկատուիր:
Մարտական զոհերուն թիւը եղած է 18, իսկ ոչ մարտական կորուստները՝ 55: Այս վերջիններէն 12 դէպքեր անձնասպանութիւն էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.