ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ Զմմառու Տիրամօր հայ կաթողիկէ 263ամեայ վանքը: Կարեւոր՝ մանաւանդ անոր համար, որ այս այցելութիւնը համայն քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկան դարձուց Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց մէկ բարձունքին վրայ 1749ին հաստատուած վանքը, որ սոսկ պատրիարքական Աթոռ մը եւ Արծիւեան պատրիարքական միաբանութեան նստավայրը չէ, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ հայոց դարաւոր ներկայութեան հնագոյն վկայութիւնը, երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Կարտինալ Աղաճանեանի նման մեծահռչակ հայ եկեղեցական դէմքերու հոգեմտաւոր կազմաւորման վայրը, ապագայ միաբաններու եւ առաքեալներու դարբնոց մը, բազմահազար ձեռագիրներ, տասնեակ հազարաւոր հնատիպ գիրքեր, հոգեւոր, հաւատքի եւ արուեստի իրեր պահող-պահպանող տոհմային թանգարան մը: Այս բոլորով հանդերձ, ան եղած է փրկարար ովասիս մը Մեծ եղեռնէն վերապրած հայերու եւ յաճախ ապաստան մը՝ Լիբանանի ու շրջանին մէջ տեղի ունեցած բրտութիւններէ փախչող մարդոց եւ ընտանիքներու: Արծիւեան միաբանութեան դարաւոր այս վանքը նաեւ ուխտավայր մըն է՝ իր հրաշագործ Տիրամայրով, որուն նուիրուած մատուռին մէջ ծնրադիր աղօթելու կու գան տառապահար ու տագնապահար հաւատացեալներ՝ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն եւ հարեւան երկիրներէն. Զմմառու Տիրամայրը դարձած է անյոյս դատերու պաշտպանը:
Այս բոլորը գիտէ՛ր Պենետիկտոս ԺԶ. պապը եւ իր այս գիտցածը ուզեց, որ իմանայ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհը, ուզեց, որ գիտցողները վերյիշեն, իսկ չգիտցողները գիտնան, որովհետեւ Զմմառու ցաւագին Տիրամօր վանքը նաեւ վկայութիւնն է ամէն քրիստոնեայի տոկալու եւ իր հողին ու արմատներուն կառչելու կամքի ուժին, փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի, եղբայրասիրութեան ու ծառայասիրութեան, վեհանձնութեան ու հանդուրժողութեան, խաղաղութեան եւ քրիստոնէական, մարդկայնական այն արժէքներուն, որոնք հիմը կը կազմէին Լիբանան ժամանած պահէն իր արտասանած ճառերուն, տուած պատգամներուն, փոխանցած ակնկալութիւններուն ու արտայայտած մաղթանքներուն:
Պատահական չէր, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետը ուզեց ընդառաջել վանքի շրջափակի մուտքին կանգնեցուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին բացումը անձամբ կատարելու հրաւէրին եւ այս առիթով Զմմառու սիրոյ սեղանին շուրջ եւ լուսարձակներէ հեռու համախմբուած տեսնել Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները եւ անոնց ըսել, որ «Յակոբ վանականը, կոչուած Մեղապարտ, մեզի համար օրինակ է աղօթքի, ձերբազատութեան նիւթական արժէքներէ եւ հաւատարմութեան հանդէպ Քրիստոս Փրկիչի: 500 տարիներ առաջ ան նախաձեռնեց «Ուրբաթագիրք»ի տպագրութեան՝ կամուրջ մը ստեղծելով արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնեաներուն միջեւ: Անոր դպրոցէն կրնանք սորվիլ առաքելութեան իմաստը, ճշմարտութեան քաջութիւնը եւ եղբայրութեան արժէքը միասնականութեան մէջ Յակոբ վանականը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ, թէ հոգեւոր ծարաւը եւ յաւիտենականութեան որոնումը պէտք է միշտ ապրին մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ մարդ ոչ թէ միայն հացով կ՛ապրի, այլ նաեւ ամէն խօսքով, որ կ՛ելլէ Աստուծոյ բերնէն: Կը խնդրենք Տիրոջմէ, որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը՝ խստօրէն փորձուած տարիներու ընթացքին, եւ ղրկէ իր հունձքին բազմազան մշակներ եւ սուրբեր, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող փոխելու մեր ընկերութիւններուն դիմագիծը, բուժելու մահացած սրտերը եւ վերադարձնելու քաջութիւնը, ուժը եւ յոյսը՝ բոլոր յուսահատներուն»:
Զմմառու վանք իր պատմական այցելութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ. ապացոյցը տուաւ իր նախորդներուն՝ Պենետիկտոս ԺԴ.ի, Պենետիկտոս ԺԵ.ի եւ իր անմիջական նախորդին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հայ ժողովուրդին հանդէպ տածած սիրոյ զգացումով իր տոգորումին: Առաջինը՝ վերականգնած էր Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռը եւ հաստատած Աբրահամ Արծիւեանի ընտրութիւնը իբրեւ գլուխը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց եկեղեցիին: Երկրորդը՝ իբրեւ վկան Հայոց Ցեղասպանութեան, եղաւ արդարութեան ձայնը միջազգային բեմերէն լսելի դարձնող առաջին դէմքերէն՝ 10 Սեպտեմբեր 1915ին շատ բուռն բողոքագիր մը յղելով Օսմանեան կայսրութեան Մոհամէտ Է. սուլթանին՝ պահանջելով հայերու հալածանքներուն, տեղահանութիւններուն ու ջարդերուն դադրեցումը: Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հայասիրութեան վկայութիւնները դեռ թարմ են իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ:
Անմոռանալի է մանաւանդ անոր պատմական այցելութիւնը Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի հոգեհանգիստին անոր նախագահութիւնը, որ 1915ի Նահատակաց յուշահամալիրին վրայ կեդրոնացուց համաշխարհային լուսարձակները եւ համաշխարհային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը:
Զմմառու ցաւագին Տիրամօր վանք այցելութեամբ եւ հայ առաջին հայատառ մատեանի տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին օծումը կատարելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ. վերահաստատեց Վատիկանի համակրութիւնն ու զօրակցութիւնը հանդէպ հայ ժողովուրդին: Կեցուածք մը, որ յատուկ նշանակութիւն կը զգենու Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ԺԱՆ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ՇԱՏԱՐԵՒԵԱՆՆԵՐ
ՎԱՉԷ ԵՒ ՆԱԹԱԼԻ ՇԱՏԱՐԵՒԵԱՆՆԵՐ