
ՖՐԵԶՆՕ.- «Չուքասեան» համոյթը աւանդական հայկական երգերով ու արեւելեան Եւրոպայի պարեղանակներով դարձեալ պիտի խանդավառէ ներկաները, այս անգամ Վեն Նայսի «Օլիմփիա» սրահին մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 14ին, կ.ե. ժամը 3ին կայանալիք համերգ-ճաշկերոյթի մը ընթացքին: Պիտի հրամցուին հայկական աւանդական ճաշեր:
Մրցանակակիր այս համոյթի ելոյթին ներկայ ըլլալու համար, դիմել (818) 996-2828 կամ (559) 213-1909 թիւերուն: Մուտքի սակը, ներառեալ ճաշ՝ 50 տոլար է: Սրահի հասցէն է՝ 16922 Sherman Way, Van Nuys, CA: