ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ ատրպէյճանա-թրքական ամերիկեան չորս կազմակերպութիւններ ծաւալած էին համակարգուած հակահայկական քարոզչութիւն մը՝ մեղադրանքներու տարափ տեղացնելով «Հայաթ» պանդոկի ընկերակցութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարք Հոփլամազեանի հասցէին, վհատեցնելու համար զայն եւ ամերիկահայ այլ գործարարներ:
Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի (ATAA), Ամերիկայի ատրպէյճանական խորհուրդի (AAC), Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան (FTAA) եւ Ամերիկայի ատրպէյճանական ընկերութեան (ASA) ղեկավարները, «Հայաթ»ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Թոմաս Փրիցկըրի ուղղած իրենց նամակին մէջ Հոփլամազեանը մեղադրած են՝ «ցեղային քարոզչական արշաւներու մէջ ներգրաւուած ըլլալով»:
Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը յարձակած են Հոփլամազեանի վրայ՝ Սեպտեմբեր 22ին «Ամերիկայի հայկական համագումարին՝ Հայ-ամերիկեան լոպիիստական խումբին, կազմակերպած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին ընթացքին, իբրեւ «Հայաթ»ի տնօրէն ելոյթ ունենալուն համար»: Անոնք նաեւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են անոր համար, որ «Հոփլամազեան կը ծառայէ «Դիմագրաւել պատմութիւնը եւ մենք մեզ» ոչ-շահութաբեր խումբի Խորհրդատուական մարմինէն ներս, որ «կ՛ուսուցանէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:
Թրքական չորս կազմակերպութիւնները պնդած են, թէ «պարոն Հոփլամազեանի ներգրաւուածութիւնը ցեղային յատուկ շահեր հետապնդող խումբերու մէջ, որոնք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ թշնամութիւն կը տարածեն, կրնայ խախտել «Շահերու բախում» կէտը՝ «Հայաթ»ի գործարար վարքագիծի եւ քաղաքակրթութեան կանոնակարգին մէջ»: Այնուամենայնիւ, հիւրանոցի կայքին վրայ տեղադրուած կանոնակարգի ուսումնասիրութենէն պարզ կ՛երեւի, որ անիկա ոչ մէկ նշում կը պարունակէ «Հայաթ»ի ղեկավարին կողմէ այդ կանոնակարգի դրոյթներէն որեւէ մէկը խախտելու մասին:
Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը իրենց նամակին մէջ ըրած են կարգ մը նենգ յայտարարութիւններ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրելով իբրեւ «անհիմն պնդում» եւ «Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանի ներհամայնքային վայրագութիւններ»: Անոնք կեղծօրէն պնդած են, որ այդ «վայրագութիւնները» երբե՛ք որեւէ դատարանի մէջ չեն վիճարկուած, եւ որ հայերու տեղահանութեան որեւէ մտադրութիւն չէ հաստատուած: Ո՛չ մէկ պատիժ կամ դատավճիռ կայացած է՝ ըստ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժումի մասին 1948ի պայմանագիրի դրոյթներուն»:
Թրքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները, նման անհեթեթ պնդումներ ընելով՝ պարզապէս իրենց տգիտութիւնը բացայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերուն կապակցութեամբ: Անոնց ձեռնտու է մոռնալ 1919ի թրքական ռազմական դատարաններուն մասին, որոնք մահուան դատապարտած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք պարագլուխները: Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ եւ Արժանթինի դաշնակցային դատարանները եւս վերահաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը: Նաեւ, ՄԱԿի Խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը 1985 թուականին իր ընդունած զեկոյցին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակած է իբրեւ՝ ցեղասպանութեան օրինակ:
Միաժամանակ, ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը հաւաստիացուցած են, որ իրենք կը ներկայացնեն «թրքական ծագում ունեցող աւելի քան կէս միլիոն ամերիկացիներ»: Ասիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, այն պարզ պատճառով, որ ըստ ԱՄՆի վերջին մարդահամարին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ չկայ այդքան մեծ թիւով թուրք բնակչութիւն: Եթէ նոյնիսկ թրքական ծագում ունեցող ամերիկացիներուն թիւը կը հասնի կէս միլիոնի, ապա խիստ կասկածելի է, որ անոնք բոլորն ալ իրենց համաձայնութիւնը տուած ըլլան ներկայացուելու այդ խումբերուն կողմէ, նման անհեթեթ արկածախնդրութիւններու պարագային: Ամենայն հաւանականութեամբ, այս չորս խումբերու անդամներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ ներկայացուած թիւերուն միայն չնչին մէկ մասը:
Ակնյայտ է, որ այս թրքական խումբերը իրենց կեղծ յայտարարութիւններով եւ անմիտ մեղադրանքներով նպատակ ունին վախցնելու Հոփլամազեանը եւ ստիպելու անոր, որ հեռու մնայ հայկական կամ Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերէ: Առաւել մտահոգիչ է այն, որ թիրախ դարձնելով «Հայաթ»ի գլխաւոր տնօրէնը՝ ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը յոյս ունին, որ կը վհատեցնեն ամերիկահայ միւս գործարարները նման գործունէութիւն ծաւալելէ:
Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը իրենց միացեալ նամակին մէջ անուղղակիօրէն սպառնացած են «Հայաթ»ի առեւտրական շահերուն՝ նշելով, որ ընկերութիւնը «ներկայիս կը ղեկավարէ ընդհանուր հաշուով չորս յաջողակ հիւրանոցներ Պոլսոյ (Թուրքիա) եւ Պաքուի (Ատրպէյճան) մէջ»: Հետաքրքրական է այն, որ արդեօք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները լիազօրա՞ծ են այս ողորմելի խումբերը՝ իրենց անունով խօսելու: Աւելին. այս կազմակերպութիւնները կը գիտակցի՞ն արդեօք, որ կ՛ականահարեն իրե՛նց իսկ հարազատ երկիրներուն գործարար շահերը՝ յիմարաբար սպառնալով այսպիսի համաշխարհային ընկերութեան մը, ինչպիսին է «Հայաթ»ը:
Շատ ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ ատրպէյճանական եւ թրքական անխոհեմ արշաւը՝ ընդդէմ ամերիկահայ նշանաւոր գործարարներու, սկիզբ դնէ անցանկալի իրադարձութիւններու այնպիսի շղթայի մը, որ կը յանգեցնէ հայ համայնքի պատասխան քայլերուն՝ ընդդէմ յաջողակ թուրք գործարարներու, ինչպէս օրինակ՝ «Քոքա Քոլա» ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Մուհթար Քենթի:
Խիստ անհաւանական է, որ ատրպէյճանա-թրքական նամակը շօշափելի օգուտ մը բերէ այս խումբերուն, քանի որ «Հայաթ»ի տնօրէններու խորհուրդը, հաւանաբար, պիտի անտեսէ անոնց անհիմն մեղադրանքները: Աւելի կարեւորը այն է, որ տիպար ամերիկահայ գործարարի նկարագիրին վրայ նման ցեղապաշտական յարձակում մը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրէին, հայերը կը դրդէ աւելի վճռականօրէն հետամուտ ըլլալու իրենց արդար պահանջներուն՝ թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Ատրպէյճանէն:
Վերջապէս, խիստ վիրաւորական է, որ ատրպէյճանական եւ թրքական այդ խմբաւորումները քար լռութիւն պահպանեն, երբ ատրպէյճանցի սպան Պուտափեշթի մէջ կացինահարելով սպաննեց քնացած հայը, իսկ այժմ աղմուկ բարձրացնեն, երբ ամերիկահայ գործարար մը պարզապէս կ՛օգտագործէ խօսքի ազատութեան իր իրաւունքը՝ Պեվըրլի Հիլզի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ